
ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳՈՎ
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի նախաշեմին կը գտնուինք։ Ընդամէնը տարի մը՝ ու կը բոլորենք այդ հարիւրամեակը։
Կազմուած է համապետական-համազգային կեդրոնական վերին մարմին, ուր իշխանութիւն, եկեղեցի ու Սփիւռք՝ իրենց խայտաբղէտ ներկայացուցիչներով կը հովանաւորեն, կը համախմբեն ու կը բաղկացնեն հոսանքները։
Սփիւռքահայութիւնը եւս, իր համայնքային ու գաղթաշխարհային շերտաւորումներով, կազմած է իր կեդրոնական մարմինները, դարձեալ կուսակցական-եկեղեցական-միութենական ներկայացուցիչներով։
Ողջունելի են այս բոլորը, բայց, հարցադրելին այն է, որ հարիւրամեակը ի՞նչ ուժականութիւն պիտի ունենայ, ի՞նչ արդիւնաւէտութեան պիտի յանգի, հուսկ՝ ինչպէ՞ս պիտի գնահատուի իր դերակատարութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի արժեւորուի իր գործունէութիւնը։
Ասոնք բնական ու նոյնիսկ անխուսափելի հարցադրումներ են, որոնք կը ծագին (պէ՛տք է ծագին) իւրաքանչիւր հայորդիի միտքին մէջ, երբ Հայկական
Ցեղասպանութեան համապատկերը կը պարզուի մեր առջեւ, անցնող հարիւրամեակի լոյսին տակ։
Իրաւունք ունի՞ թէ չունի հայը՝ հայրենական թէ սփիւռքահայ, այս տեսանկիւնէն մօտենալու Հայկական Ցեղասպանութեան հաստկեկ թղթածրարին, որ կը բաղկանայ բազմագոյն, բազմաշերտ ու բազմակողմ մանրամասնութիւններէ եւ իրադարձութիւններէ, տեղեկագրութիւններէ եւ արձանագրութիւններէ։
Ինչո՞ւ այս արագ մտորումը։
Եթէ հարիւրամեակը, պայմանականօրէն բաժնենք երկու մասի, անմիջապէս պիտի նկատենք ու հաստատենք, թէ առաջին յիսնամեակին աւարտը, իր կայացումով, բնոյթով ու գործընթացով, «բեկում» առաջացուց առ այդ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման արարողութեանց մէջ, երբ 1965ը դարձաւ անկիւնադարձային, պահանջատիրական, իրաւական ու հատուցողական կարգախօսային առաջադրանքներով։
Կը նշանակէ, թէ Լիբանանէն հնչող այդ ազդանշանը կ՛աւետէր նոր լիցքով ու աւիւնով լծուիլ Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջատիրական ընդհանրական գործօնին, այսինքն՝ չմնալ միայն հայկական ծիրէն ներս, չբաւարարուիլ ներհայկական յիշատակի հանդիսութիւններով, չգոհանալ «մանրաքայլ» յառաջդիմութիւններով կամ յաջողութիւններով։
1965ի բազմահազար հանրահաւաքը, որ տեղի ունեցաւ ոչ միայն հայութեան մասնակցութեամբ, այլեւ Լիբանանի պետական աւագանիի ակնառու դէմքերու ներկայութեամբ, շուտով իր դրական ու զօրակցական վարակիչ հետեւանքները ունեցաւ այլ հայագաղութներու մէջ, ընդհուպ՝ Խորհրդային Հայաստան, ինչ որ աւելի քան բարացուցական էր, որ յաջորդ յիսնամեակը նոր թռիչք ու տեսիլք կը պարտադրէր համայն հայութեան։
Եւ իրօք, ի՞նչ բանը կ՛արգիլէր, որ համայն հայութիւնը այլեւս չմնար իր սգահանդէսային ու սգաոգեկոչման արտայայտամիջոցներուն ու կազմակերպչականութեան մէջ, երբ ժամանակը հասած ու հասունցած էր նոր որակաւորում կամ նոր դրսեւորում տալու անոր, այնքան ատեն որ Մեծ Եղեռնը, Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութիւնը, ահաւոր եւ աննախընթաց գերհարուած մըն էր, շպրտուած ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ համայն մարդկութեան երեսին։
Այդ տրամաբանութեամբ, եթէ երկրորդ յիսնամեակի աշխատանքային արդիւնաւէտութեան հաշուարկումը կատարենք, անկասկած, պիտի նկատենք, որ ուշագրաւ ու զգալի ներդրումներ արձանագրուած են Հայկական Ցեղասպանութեան հաստափոր թղթածրարէն ներս, յատկապէս անոր տալով, միջազգային չափանիշով, ընդունումի ու ճանաչումի բարենշելի բովանդակութիւն։
Սակայն, եթէ անաչառ եւ առարկայական սկզբունքով մօտենանք տարուած աշխատանքներուն, հիմնովին անբաւարար պիտի նկատենք այդ յաջողութիւնները, պարզագոյն հասկացողութեամբ մը, որ շատ աւելին կ՛ակնկալուէր հայ ժողովուրդէն, Հայկական Ցեղասպանութեան իրողական յառաջընթացին տալու աւելի գործունեայ, կենսունակ ու շօշափելի թափ։
Ճիշդ է, Հայ Դատի համապատասխան մարմիններ շարունակեցին իրենց ճիգերը, մի՛շտ, Հայկական Ցեղասպանութիւնը, յաչս օտար պետութիւններու կամ շրջանակներու, լուսարձակի տակ պահելու, սակայն, ատոնք որքա՞ն ազդու եղան, որքանո՞վ արդիւնաբեր դարձան, մանաւանդ, երբ կը նշմարուի, թէ համահայկական ու համագործակցական մասնակցութիւնը յաճախ եղած է վտիտ, իսկ այդ մէկը աննկատ չէ մնացած կամ ուշադրութենէն, չէ վրիպած պատկան այն պետութիւններէն, որոնց կը դիմուէր եւ անոնցմէ կ՛ակնկալուէր որոշակի զօրակցութիւն։
Անշուշտ, հայութեան նպատակը երբեք չէ եղած (ու չէ՛) ողորմութիւն կամ համակրութիւն փնտռելը կամ խնդրելը միջազգային խաչմերուկներէն, այլ խոր հասկացողութիւն ու գիտակցութիւն, հուսկ՝ գործնապաշտ տեղաշարժի զգաստութիւն, մէկ կողմէն՝ համամարդկային այս հիմնախնդիրին նկատմամբ ցուցաբերելու վերին աստիճանի լրջութիւն ու հետապնդում, միւս կողմէն՝ Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն ստիպելու իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնելու։
Այսօր, հայ ժողովուրդը, արդարօրէ՛ն, իր շեշտը կը դնէ հատուցման պահանջատիրութեան վրայ, սակայն, եթէ ատիկա պիտի մնայ լոկ իր նշանախօսային կամ լոզունգային պարունակին մէջ, առանց պատմավաւերական եւ իրաւապաշտպանական տուեալներու, արդեօք որքանո՞վ կրնայ ծառայել Հայ Դատի թղթածրարի լիարժէքութեան։
Չմոռնալ (եւ պէտք չէ մոռնալ), որ Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլային տխրահռչակ համաձայնութիւնները ինչպիսի՜ ահաւոր ցնցում առաջացուցին հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան եւ յատկապէս տարագրուած հատուածի ժառանգորդներուն մօտ, որովհետեւ այդ քայլին դիմուած էր առանց ժողովուրդին բազկերակը շօշափելու, ի հարկէ, եթէ «քաղաքական միամտութեամբ» վերաբերուինք այդ անարգելի երեւոյթին հետ։
Կայ աւելի տագնապեցուցիչը. այդ համաձայնութիւնները տակաւին «շնչող» են, որովհետեւ չեն թաղուած, այլ… կասեցուած, եւ այդ է պատճառը, որ, մերթ ընդ մերթ, խորհրդաւոր անկիւններէ եւ կողմերէ ականջալուր կ՛ըլլանք անոնց շարժերուն ու խլրտումներուն, թէկուզեւ այլ հարթակներու ծալքերէն։
Ինչպէս այլ կաղացումներու պարագային, այս մէկը եւս պէտք չէ մտահան ընել, որովհետեւ պահանջատիրութեան գործը արգելակող, այլեւ խանգարող եւ ապակողմնորոշող ազդակ մըն է ատիկա, իր փրոթոքոլային թէ փրոթոքալամէտ տարբերակներով, Դամոկլեան սուրի նման կախուած ըլլալով… մեր գլխուն։
Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ըսենք ու կը կրկնենք. դէպի հարիւրամեակ սուրացող հարիւրամեակի մարմինները, իրենց գերկեդրոնական, միջկեդրոնական կամ ներկեդրոնական ներկայացուցչութիւններով, կրցա՞ծ են իրենց ծրագիրները համակարգել ու ներդաշնակել, հունաւորել ու դրսեւորել, թէ՞ ընթացիկին կողքին, իւրաքանչիւրը՝ իր պայմաններուն յարմարութեամբ ու համակերպուածութեամբ կը գործէ։
Առանց թերագնահատելու նախաձեռնութիւնները՝ իրենց տարուած ու տանելի հոլովոյթներով, արդեօք ասիկա՞ է պահանջուածը կամ ասորմո՞վ պէտք է միայն լիանալ, ի դէմս մէկ դարեայ պահանջատիրական երթին։
Մեր կարծիքով, Հայկական Ցեղասպանութեան հետապնդման ու Հայկական Պահանջատիրութեան արժեւորման գործին մէջ, անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ է պատրաստել ցեղասպանագէտներու փաղանգներ, որոնք քաղաքագիտական, օրէնսգիտական եւ իրաւագիտական մասնագիտութեամբ զինուած, այս ծանրակշիռ փաթեթը շրջանառութեան մէջ դնեն, միջազգային բազմաճիւղ ոլորտներուն մէջ զայն հիմնաւորելու առաջադրանքով։
Արհեստավարժութիւնը, այլե՛ւս, ամբողջական պարտաւորութիւն մըն է, որ ճամբայ բանալու ու հարթելու ուժականութեամբ մարմնաւորուելէն բացի այլընտրանք չի կրնար ունենալ։
Ուրիշ կարեւոր աշխատասիրութեան հարկադրութիւն մըն է միջազգային պահեստանոցներու (արխիւներու) բացումը, ապա՝ պեղումը, բացայայտումն ու հրապարակումը, որոնք դարձեալ փորձագէտներու գործն են, միշտ մասնագիտական գիտելիքներով, հնարքներով եւ յատկութիւններով համալրուած։
Նոյնքան հրատապութիւն կը ներկայացնէ, մասնագիտական ու մտաւորական շրջանակներով, թուրքեր ներառելու հաւանականութիւնը, երկխօսութեամբ թէ բազմակարծութեամբ, Հայկական Ցեղասպանութեան թղթածրարը սեղանի վրայ դնելու։
Այս ուղղութեամբ, բարեբախտաբար, դողդոջուն քայլեր կ՛առնուին, սակայն օգտակարը այն պիտի ըլլայ, որ այդ ընթացքը «առաւել աշխատունակ» դառնայ, ծրագրուած ու համադրուած գործելաոճով։
Հարիւրամեակի մարմինները, հայաստանեան թէ սփիւռքեան մակարդակներով, խորհրդածելի չէ՞, ինչո՛ւ կազմուած չեն մասնագիտական պատկանելիութիւն, հեղինակութիւն ու փորձառութիւն ունեցող տարրերէ, շարունակելով, տասնեակ տարիներէ ի վեր, համայնքային, կուսակցական, միութենական ներկայութիւններէ կազմուած դրուածքները, թերեւս, միակ տարբերութեամբ, որ այժմ հոն մուտք գործած են հայրենական պետական այրեր։
Ահա թէ ինչո՛ւ մեր այս գրութիւնը խորագրեցինք «Ի՞նչ ըրինք» (լաւ իրագործումներու) եւ «Ի՞նչ չըրինք» (անբաւարար տնօրինումներու) վարկածներով, որովհետեւ երկրորդ յիսնամեակը, ինչպէս վերը յիշուեցաւ, նոր հարթութեամբ ու նոր հորիզոնականութեամբ չկրցաւ նպաստել Հայկական Ցեղասպանութեան երկարահար եւ երկարաշունչ գնացքի յառաջմղումին։
Վերջին հաշուով, փաստ ըլլալէ չի դադրիր. առաջին յիսնամեակը պարտաւորեցնող էր, երկրորդ յիսնամեակը՝ բազմակիօրէն պարտաւորեցնող, իսկ հարիւրամեակը՝ գերպարտաւորեցնող, մանաւանդ, երբ արդի Թուրքիան, ակռաները սրած, արդէն պատրաստուած է հակադրուելու ու հակազդելու։