ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 16 Յունիսին սկսած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութեան երկօրեայ այցելութիւնը Փարիզ:
Առաջին օրը պատուիրակութիւնը այցելած է Փարիզի մէջ գտնուող Դպրոցասէր վարժարան, ուր հանդիպում ունեցած է դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցած է դեսպան Վիգէն Չիթեչեանի հետ: Պատուիրակութիւնը այնուհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին անունով ծաղկեպսակ զետեղած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Կոմիտասի յուշարձանին առջեւ, որմէ ետք Փարիզի Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի թեմական խորհուրդի անդամներուն հետ:
Յունիս 17ին Ֆրանսիա կատարած այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած է արցախցի խորհրդարանականներու հանդիպումները Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահին, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի եւ Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պատգամաւորներ Ռոմելա Դադայեանը («Հայրենիք» խմբակցութիւն), Լիւդմիլա Բարսեղեանը («Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւն) եւ Արմէն Սարգսեանը («Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւն):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.