ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը 17 Յունիսին դարձեալ աճուրդի դրուեցաւ, քանի որ երկրորդ աճուրդին ընթացքին եւս գնորդ չկար:
Ինչպէս նախապէս նշուած էր, համալիրը պիտի վաճառուի 10 տոկոս զեղչով, մեկնարկային գինը սահմանուած է 15 միլիառ 673 միլիոն 500 հազար դրամ: Աճուրդի վերջնաժամկէտը 27 Յունիս է:
Նշենք, որ համալիրը առաջին անգամ աճուրդի հանուած է 19 Մայիսին՝ 19 միլիառ 350 միլիոն դրամով, սակայն մինչեւ 29 Մայիս որեւէ դիմում չէ ներկայացուած եւ երեք օր ետք՝ 2 Յուլիսին անիկա աճուրդի դրուած էր 17 միլիառ 410 միլիոն դրամ արժէքով, սակայն կրկին գնորդ չկար։
Յիշեցնենք, որ Մարզահամերգային համալիրի տնօրէնութիւնը կը հաստատէ, որ համալիրը աճուրդի դնելու որոշումը ապօրինի է, եւ դիմում ներկայացուցած է դատարան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.