
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Սա քաղաքական պայքար է. կայ ընդդիմութիւն, կայ իշխանութիւն, եւ ամէն մէկն օգտւում է իր գործիքակազմից», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան՝ մեկնաբանելով քառեակին գործողութիւնները, զորս կատարած են Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին:
Պատգամաւորը նշեց, որ պոյքոթի դիմած են այն պատճառով, որ տակաւին օր մը առաջ արդէն դիտել տուած էին, թէ ընդդիմադիր պատգամաւորները չեն հասած ծանօթանալու կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած նախագիծերուն, որոնց քննարկումներուն յատկացուած էր արտակարգ նիստը։
Անդրադառնալով ամէնէն կարեւոր հարցին՝ կառավարութեան մշակած «Կուտակային» նոր օրէնքին, Ա. Վարդանեան նշեց, որ նախագիծին մէջ քառեակին համար անընդունելի շատ դրոյթներ կան. «Նոր կառավարութիւնը ծրագրի ներկայացման ժամանակ պաշտօնապէս Ազգային ժողովի ամբիոնից յայտարարեց, որ կը գտնեն այնպիսի լուծումներ, որոնք հանրութեան մեծ մասի համար ընդունելի կը լինի: Ասել էին՝ մենք քննարկումներ կը կազմակերպենք եւ քաղաքական ուժերի, եւ հանրութեան հետ, որպէսզի գտնեն այնպիսի մոդել, որը մեծ մասը կ՛ընդունի: Բայց կառավարութիւնը խստումը չկատարեց»:
Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը ընդդիմութենէն խնդրած էր մասնագէտներ տրամադրել, ստեղծել աշխատանքային խումբ եւ Դաշնակցութիւնը չորս հոգի ներկայացուցած էր, բայց աշխատանքային խումբ չէ ձեւաւորուած, որեւէ միացեալ աշխատանք ու քննարկում չէ կատարուած:
«Ուղղակի վերջին օրերին կառավարութիւնը մեզ հրաւիրեց ու տեղեկացրեց իրենց սցենարի մասին», աւելցուց ան ու նշեց, թէ ասիկա կը նշանակէ, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի «պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած» թեւաւոր արտայայտութիւնը խորքին մէջ պիտի դառնայ «պարտադիր եւ պարտադրուած»:
Իսկ այդ մօտեցումը, ըստ անոր, ամբողջովին անընդունելի է: Իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ քառեակին համար անընդունելի է, որ նմանօրինակ օրինագիծ մը առանց քննարկման բերուած է Ազգային ժողով: