ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Նկատի առնելով այն, որ «Զուարթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքին մէջ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն ընթացքին պատշաճ կերպով չեն վերահսկուած պայմանագիրներուն մէջ կնքուած կէտերը՝ Հայաստանի մշա-կոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի հրամանով «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» կազմակերպութեան տնօրէն Վլադիմիր Պօղոսեանին հասցէին խիստ նկատողութիւն արձանագրուած է: Մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն տեղեկացուցած են, որ, «Զու-արթնոց» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի մասնաճիւղի վարիչ Վարդան Գրիգորեանը ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.