ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր խոստումը չէ կատարած, յայտարարած է Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան 20 Յունիսին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին։ Ան յիշեցուցած է, որ երբ Աբրահամեան նոր վարչապետ նշանակուած էր, խոստացած էր, թէ «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» նոր օրէնքը պիտի ըլլայ պարտադիր, բայց ոչ պարտադրուած, եւ թէ ինք ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի օրէնքը բխի բոլորին շահերէն:
«Ակնյայտ է, որ այս խոստումը չի կատարուել. ես մէջբերեցի հանրապետութեան վարչապետի «պարտադիր, սակայն ոչ պարտադրուած» արտայայտութիւնը: Ասեմ, որ այդ արտայայտութիւնը վերջապէս բացուեց այս օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ: Սա ընդամէնը նշանակում է՝ պարտադիր եւ պարտադրուած, եւ սրա համար դուք հինգ տարի, տասը տարի յետոյ գոնէ ձեր ներսում պատասխան էք տալու», ըսած է պատգամաւորը:
Ան հաստատած է, որ օրէնքի նոր նախագիծով ժողովուրդը կը բաժնուի դասակարգերու, մասնաւորի եւ պետականի՝ ստիպելով պետական հատուածին մէջ աշխատողները իրենց գրպանէն վճարումներ կատարելու. «Ճորտատիրութիւնը վաղուց աւարտուել է, ժողովուրդ», յայտնած է ան:
Անդրադառնալով մասնաւոր հատուածին մէջ աշխատողներուն համար նախատեսուած դրոյթին, որուն համաձայն, դիմում գրելու միջոցով մինչեւ 2017 թուական անոնք կրնան հրաժարիլ պարտադիր ընկերային վճարներէն, Աղուան Վարդանեան հարցուցած է. «Այդ ո՞ւմ էք ձեռ առնում»:
«Մեր Ազգային ժողովում առնուազն տասնեակներով բաժնետէրեր, սեփականատէրեր են, եւ վաղը նրանց ձեռնարկութիւններում կամ այն ձեռնարկութիւններում, որոնք ակնյայտ պետական ազդեցութիւն ունեն՝ Էլցանցեր, Երկաթուղի, «Գազպրոմ»… դուք հաւատո՞ւմ էք, որ այնտեղ մասսայական դիմումներ են գրելու մարդիկ, որ չեն ուզում մասնակցել, կարողանալո՞ւ են գրել», հարց տուած է Վարդանեան:
Ան ընդգծած է, որ նախագիծի այդ ձեւակերպումները միտումնաւոր կատարուած են, քանի որ իշխանութիւնը շատ լաւ կը հասկնայ, որ միայն պետական հատուածի աշխատողներու միջոցով իրենց ուզած թիրախաւորուած զանգուածը եւ եկամուտները չեն կրնար ապահովել: «Արել էք, որովհետեւ հասկանում էք՝ եթէ համակարգը մնայ 50 հազար հոգու վրայ, չի աշխատի, դուք այդ խոստումները չէք տուել կառավարիչներին, ձեզ պէտք է 170-200 հազար մարդ, որպէսզի ֆինանսական խնդիրները լուծէք: Եւ սա համարում էք բարեփոխում»:
Ան նաեւ զգուշացուցած է, որ իշխանութեան այս կեցուածքին հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ շատերը պարզապէս պիտի հեռանան երկրէն։ «Դուք դէմ էք գնում հանրութեան առնուազն 90 տոկոսի շահերին հերթական անգամ: Դուք հասկանո՞ւմ էք՝ ինչ հիասթափութիւն էք առաջացնելու մեր վաղուայ օրուայ հիմքը կազմող այդ փայլուն երիտասարդութեան շրջանում, դուք հասկանո՞ւմ էք, որ շատ-շատերը ուղղակի թքելու են, հեռանան այս երկրից»:
ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան եւս ընդգծած է, որ այս նախագիծով կառավարութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ զբաղած է միայն ժողովուրդ խաբելով: Զուրաբեանի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կուտակային դրութեան հաստատումը մարդոց հաւատքը կոտրելու իւրայատուկ օրինակ էր. «Եւ այդ հաւատի, այդ դագաղի վրայ խփուած վերջին մեխը այս օրինագիծն է»:
Զուրաբեան աւելցուցած է, որ հակառակ անոր որ նախորդ օրէնքը հակասահմանադրական ճանչցուեցաւ եւ Տիգրան Սարգսեան հրաժարական տուաւ, նոր վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը եկաւ ու յայտարարեց, թէ պարտադիրը կասեցուած է, բայց եւ այնպէս խորքին մէջ ոչինչ փոխուած է. «Պարտադիր բաղադրիչը ընդամէնը փոխել է իր անունը եւ դարձել նպատակային սոցիալական վճար: Քաղաքացու տեսակէտից ի՞նչ տարբերութիւն կայ՝ իր գրպանից այդ գումարը հանում են սահմանադրական եղանակով, թէ ոչ սահմանադրական եղանակով: Ստացւում է, որ դուք ընդամէնը յօրինեցիք քաղաքացու գրպանը մտնելու սահմանադրական տարբերակ, սա կարելի է անուանել գրպանահատի գործունէութեան օրինականացում», յայտնած է Զուրաբեան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ իշխանութիւնները դէմ կը կանգնին համաժողովրդական ընդվզման եւ տարօրինակ յամառութեամբ մարդոց վիզին կը փաթթեն պարտադիր բաղադրիչը, ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավարը հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է. «Որովհետեւ Սերժ Սարգսեանը պարտաւորութիւն ունի միջազգային կուտակային հիմնադրամների կազմակերպութիւնների նկատմամբ, որ ինքը պէտք է ապահովի պետական բիւջէից եւ Հայաստանի քաղաքացիների գրպանից կապիտալի մեծածաւալ հոսք դէպի այդ ինստիտուտները: Եւ սիրելի ժողովուրդ, այդ օրէնքի ընդունումով եւս մէկ անգամ հաստատում ենք, որ ի դէմս Սերժ Սարգսեանի ռեժիմի ունենք մի վամպիրի, որից ազատուելը մեր ազգի գոյատեւման հիմնական հրամայականն է»:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանն ալ յորդորած է քաղաքական մեծամասնութիւնը փոխելու աշխատելաոճը եւ վերջ տալու ինքնասիրահարութեան. «Ի՞նչ էք ուզում մեզանից դուք կամ էս ժողովրդից: Ես մի անգամ ասել եմ՝ դուք ոչ այդքան խելացի էք, ոչ էլ այդքան սիրուն»:
Կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը քննադատած է նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնը: ԲՀԿ պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան յայտարարած է, որ իրենք նոյնպէս դէմ են այս նախագիծին, եւ որ անիկա լուրջ վերափոխման կարիք ունի. «Մենք դէմ ենք այս տեսքով ռեֆորմի իրականացման», ըսած է ան:
Քննադատութեան միացած է նաեւ վերջերս ընդդիմութեան շարքերը անցած «Օրինաց Երկիր»ը: «Պարտադիր կուտակային բաղադրիչի առկայութեամբ նման օրինագիծը մեզ համար ընդունելի չէ», խմբակցութեան անունով յայտարարած է Մհեր Շահգելդեան:
Այսպիսով խորհրդարանի 5 խմբակցութիւններն ալ դէմ արտայայտուած են կառավարութեան ներկայացուցած կուտակային կենսաթոշակներու նոր նախագիծին՝ սուր քննադատութեան ենթարկելով իշխանութիւնները։ Իբրեւ հակազդեցութիւն՝ Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան հաստատած է. «Օրէնքի նախագիծը արժանի է դրական քուէարկութեան»:
Այսպիսով խորհրդարանին մէջ 20 Յունիսին աւարտեցաւ այս նախագիծի քննարկումները: Ամենայն հաւանականութեամբ 21 Յունիսին նախագիծը դրուի քուէարկութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.