ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներով՝ 15-21 Յունիս Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտած է շուրջ 700 անգամ. տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 6 հազար 500 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը համարժէք պատասխան են տուել հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններին եւ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել շփման գծի ողջ երկարութեամբ մարտական դիրքերի պաշտպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.