Աւստրալիացի Ճոզըֆ «Ճօ» Հոքի 1996էն ի վեր Հիւսիսային Սիտնիի խորհրդարանի անդամ է: Ան 18 Սեպտեմբեր 2013էն ի վեր Աւստրալիոյ վարչապետ Թոնի Ապոթի կառավարութեան մէջ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնած է: Նախապէս եղած է մարդասիրական ծառայութեանց նախարար, իսկ Ճոն Հաուըրտի կառավարութեան մէջ աշխատանքի նախարար: 2013ի ընտրութիւններէն ետք Հոքի նշանակուած է Աւստրալիոյ ելեւմուտքի նախարար: Ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը նկատուի կարեւորագոյն նախարարութիւնը, որուն պաշտօնն է հաւասարակշռել ամբողջ երկրի տնտեսական եւ ֆինանսական պիւտճէն:
Հոքի ծնած է Հիւսիսային Սիտնիի մէջ: Անոր հայրը՝ Ռիչըրտ, երուսաղէմցի հայ է, իսկ մայրը՝ Պեվըրլի աւստրալիացի է: Անոր հօր սկզբնական մականունը Հոգետօնեան եղած է, սակայն 1940ին Աւստրալիա հաստատուելէ ետք հայրը զայն վերափոխած է Հոքիի:
Աւստրալիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճօ Հոքի երկիրի ամէնէն բարձրաստիճան նախարարը եղած է, որ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 99ամեակի առթիւ իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ Հոքի կը նշէ, որ 1915ին «ցեղասպանութիւն» եզրը գոյութիւն չունէր, սակայն ոչ մէկ այլ բառ կրնայ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայերուն պատահածը նկարագրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.