ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Աֆրիկեանների շէնք»ի պաշտպանութեան նպատակով կատարուած բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն միացաւ նաեւ աշխարհահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանը: 24 Յունիսին «Աֆրիկեանների շէնք»ին կից դաշնակահարը կազմակերպած էր փոքրիկ համերգ՝ այդպիսով աջակցելով այն երեւանցիներուն, որոնք կը պայքարին «Աֆրիկեանների շէնք»ի պահպանութեան համար:
«Աֆրիկեանների շէնք»ին մօտ հաւաքուած բազմութիւն եկած էր ո՛չ միայն վայելելու Համասեանի արուեստը, այլ նաեւ կոչ ուղղելու՝ չքանդելու պատմամշակութային կառոյցը:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Համասեան յայտնած է, որ իր համերգը խաղաղ է, եւ ինք կը փորձէ խաղաղ միջոցներով եւ իր արուեստով արտայայտել իր դժգոհութիւնը: Երաժիշտը ներկայացուցած է քանի մը ստեղծագործութիւն Կոմիտասէն՝ իր համերգը անուանելով «Աֆրիկեան ռեքվիեմ»:
Աւելի ուշ ան մօտեցած է շէնքը շրջապատած ոստիկաններուն եւ խնդրած է ներս մտնել: Ոստիկաններու մերժման ի պատասխան՝ Համասեան ըսած է, որ կարդացած է շէնքին մասին, թէ անիկա Երեւանի հնագոյն կառոյցներէն մեկն է եւ աւելի քան 130ամեայ պատմութիւն ունի: «Այս շէնքում եղել են այնպիսի յայտնի մարդիկ ինչպիսիք են Յովհաննէս Թումանեանը, Աւետիք Իսահակեանը, Եղիշէ Չարենցը: Կարծում ենք, որ հնարաւոր է եւ մասնագէտներն էլ ասում են, որ հնարաւոր է շէնքը պահպանել եւ ներառել այլ ճարտարապետական նախագծի մէջ, այլ ոչ թէ ոչնչացնել: Ֆասադային մասը քանդուած է, մի քանի օր շարունակ ապամոնտաժման աշխատանքներ են ընթանում, սակայն դրանք չեն համապատասխանում օրէնքին: Կայ դատական հայց, ընթանում են իրաւական գործընթացներ. յուսով ենք, որ մեր պատկան մարմինները թոյլ կը տան, որ մեր ճարտարապետական արժէքները մնան իրենց տեղում», նշած է Համասեան՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով ոստիկաններուն, որ արտօնած են իր խաղաղ բողոքը կատարել եւ նուագել յանուն «Աֆրիկեանների շէնք»ի պաշտպանութեան:
«Հին Երեւանն այնքան արժէքաւոր է, որ պէտք չէ ձեռք տալ: Թէկուզ կառուցէին, բայց ֆասադը պահէին: Ֆասադը տեղափոխելով արդէն «Աֆրիկեան շէնք» չի պահպանւում: Հին Երեւանը տանելով չեն պահպանում. հին Երեւանը պահպանւում է, երբ շէնքերը մնում են իրենց տեղերում եւ վերակառուցւում: Ցաւ եմ ապրում, քանի որ տեսնում եմ վանդալիզմ: Շէնքերը համարակալեցին ու տարան, ո՞ւր տարան, ի՞նչ արեցին՝ պարզ չէ», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է երգիչ Արթուր Իսպիրեանը՝ աւելցնելով, որ «Հին Երեւան» նախագիծին չի հաւատար:
Արդէն երկու շաբաթ է հասարակական գործիչները կը պայքարին Տէրեան 11 հասցէին վրայ գտնուող «Աֆրիկեանների շէնք»ի պահպանման համար: Կառավարութեան որոշումով շէնքին տարածքը նկատուած է գերակայ շահ, եւ շէնքը այժմ կը քանդուի:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հին Երեւան» նախագիծի հեղինակ Լեւոն Վարդանեան տեղեկացուցած էր, որ «Աֆրիկեանների շէնք»ը պիտի ներառուի «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ: Շէնքին մէկ մասը արդէն քանդուած է, մնացած հատուածը պարսպապատուած է եւ ներս մտնելը՝ արգիլուած:
Համասեանի համերգին նախորդած ու յաջորդած են ցուցարարներու աղմկոտ գործողութիւնները, անոնք անընդհատ կը բախէին շինարարական հրապարակը շրջափակած թիթեղեայ պատնէշները եւ չէին ենթարկուիր ոստիկանութեան հրահանգներուն: Նոյնիսկ տեղի ունեցած է հրմշտուկ: Դէպքի վայր ժամանած եւ օրէնքը պահպանելու կոչ ուղղած է Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետի տեղակալ Վալերի Օսիպեանը, որ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ցուցարարները վերջին շրջանին ոստիկանութիւնը կ՛ընտրեն որպէս թիրախ, ու հակառակ անոր որ իրենք հաւատարիմ կը մնան ցուցարարներուն գործողութիւններուն, սակայն ակնյայտ է, որ իրավիճակը ցոյցի ծիրէն դուրս կու գայ եւ ցուցարարները կը սահմանափակեն այլ քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժի իրաւունքը: «Մենք յարակից շէնքերի բնակիչներից ահազանգ ենք ստացել, որ իրենց հանգիստն է խախտւում, տրանսպորտային միջոցների վարորդները բողոքում են, որ խցանումներ են առաջանում: Անօրինական ակցիաներ են տեղի ունենում մի քանի օր, մասնաւոր սեփականութիւնն են վնասում: Ես կոչ եմ անում դիմել պայքարի սահմանադրական ճանապարհի», յայտնած է Օսիպեան
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.