
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 24 Յունիսին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընդունած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնարկի եւ «Ակրոնիս» ընկերութեան հրաւէրով Հայաստան գտնուող ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընն ու աշխարհի բաժակակիր, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեանը:
Ողջունելով ճատրակի վարպետներուն այցելութիւնը՝ Ամենայն հայոց հայրապետը դիտել տուած է, որ աշխարհի ախոյեանին ժամանումը մեծ խանդավառութիւն պիտի պարգեւէ ճատրակի սիրահարներուն: Ան գոհունակութեամբ նշած է, որ վաղ միջնադարէն Հայաստանի մէջ մեծ համբաւ ունեցող ճատրակը, այսօր եւս լայնօրէն տարածուած է երկրին մէջ եւ ծրագրային առարկայ ըլլալով հանրակրթական դպրոցներուն մէջ՝ կը նպաստէ երեխաներու միտքի զարգացման:
Զրոյցին ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոս յայտնած է, որ թանգարանին մէջ կը պահուին Տիգրան Պետրոսեանի թագն ու թիկնոցը, որոնք աշխարհի ախոյեանը օրին նուիրած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսին:
Մակնիւս Քարլսըն ու Լեւոն Արոնեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ վեհափառ հայրապետին ներկայացուցած են Տաթեւի վանք կատարած այցելութեան իրենց տպաւորութիւնները: 23 Յունիսին Տաթեւի մէջ անոնք առիթ ունեցած են խաղալու հոգեւորականներուն, ինչպէս նաեւ Հալիձորի ու Տաթեւ համայնքներու երեխաներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած են նաեւ հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, պատմութեան ընթացքին կրած դժուարութիւններուն եւ ներկայիս անոր հոգեւոր առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղուած գործունէութեան:
Աւարտին կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը փոխանցած է ճատրակ խաղացողներուն՝ մաղթելով նորանոր յաղթանակներ եւ յորդորելով բարի օրինակ փոխանցել, որ մրցոյթը կրնայ ըլլալ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման եւ համերաշխ գոյակցութեան: