
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ-ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի եւ Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի կազմակերպութեամբ, Յունիս 13ի երեկոյեան ժամը 7ին տեղի ունեցաւ Սոնա Զէյթլեանի հեղինակած եւ 2013ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացած «Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով» գիրքի շնորհահանդէսը։
Հեղինակը գիրքի ներկայացումը սկսաւ՝ ըսելով. «Տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու տակ, հայ կինը ազգային շահերու գիտակցութիւն ցուցաբերած է», ապա շարունակեց՝ շեշտը դնելով հայ կնոջ խաղացած դերին՝ հայեցի կրթութեան տարածման, հանրային եւ բարեգործական աշխատանքներու, ազատագրական պայքարին, քաղաքացիական իրաւունքի ճանաչման, հրապարակագրական ու հանրային առողջապահական ասպարէզներուն մէջ:
Հեղինակը վաւերագրական փաս-տերով եւ օրինակներով ներկայացուց հայ կնոջ դերը զանազան պատմական հանգրուաններու ընթացքին: Ան ընդգծեց, թէ հայութեան արմատներուն ուղղուած բռնի ամուսնութեան, կրօնափոխութեան եւ թրքացման քաղաքականութիւնը հայ կնոջ ուղիին ամէնէն ցաւալի հանգրուանը կը կազմէ: Սակայն ան հիացմունքով յիշատակեց 1919ի Ճափոնի դեսպան Տիանա Աբգարը, Զապէլ Եսայեանի մեր պատմութեան վկայագրութիւնը, Հայկանոյշ Մառքի «Հայ Կին» երկշաբաթաթերթը, հայ բուժքոյրերու դերը Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, ՀՕՄը, ՀԲԸՄի հովանիին տակ գործող կանանց միաւորները եւ շատ այլ հեղինակաւոր դէմքեր ու ընկերակցութիւններ: Սոնա Զէյթլեանի դասախօսութիւնը ներշնչեց ներկաները եւ հիացմունք պատճառեց անոնց՝ հայ կանանց հանդէպ:
Հեղինակը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց՝ փոխանցելով Ռուբինա Օհանջանեանի խորհուրդը, թէ՝ «Հայութեան գոյատեւումը երաշխաւորող ազգային ուղեգիծն է հայ կնոջ թէ հայ մօր անձնականի եւ ազգայինի անբաժանելիութեան անշեղ ուղին, ուրկէ քալողները միշտ օրինակելի կը մնան եւ երբե՛ք չեն մոռցուիր»:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ հայ կանանց արուեստի գործեր՝ հին եւ նոր ժամանակշրջանէն: Մասնակցող արուեստագիտուհիներն էին Ռիթա æանիկեան, Արփինէ Շախբանտարեան, Ճէյն Հաշօլեան եւ այլք: Հեղինակը գերգնահատեց կազմակերպողներու այդ նախաձեռնութիւնը: Վաճառքի դրուած էր նաեւ Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղի տպագրութիւնները:
Ձեռնարկին Ներկայ էր աւելի քան 200 հոգի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի պահ՝ հայ կնոջ դերին շուրջ, ներկաներուն եւ հեղինակին միջեւ:
Ձեռնարկը վերջ գտաւ գիրքի մակագրութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ: