
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի «Boy Scouts of America» կազմակերպութիւնը ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն երեք սկաուտներ մեծարած է իր «Արծիւ» շքանշանով, Յունիս 8ին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին։
Հեղինակաւոր «Արծիւ» շքանշանին արժանացած են Արթուր Տէր Զաքարեան, Արիս Տէրտէրեան եւ Դանիէլ Շահկալտեանս։ Աշխարհի տարածքին, այս շքանշանին արժանացած են սկաուտներու միայն 2 տոկոսը։
Սկաուտապետ Արթօ Ղազարեան նշեալները բեմ հրաւիրած է. անոնք խօսած են այս շքանշանին արժանանալուն համար իրենց իրագործած ծրագիրներուն մասին։ Ապա տեղի ունեցած է շքանշաններու յանձնումը։
Այս առիթով, երեք սկաուտներուն շնորհաւորագիրներ յղած էին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչ եւ Քալիֆորնիոյ նահանագային Ծերակոյտի ժամանակաւոր նախագահ Քեւըն Տը Լիոն։
Արարողութեան աւարտին, «Արծիւ» շքանշանով մեծարուած սկաուտներուն ի պատիւ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն։