
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս ամսուան սկիզբը 79 տարեկանին Լոնտոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Պենճըմին Ուիթըքըրը՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ հայկական զանգուածային սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն որակող զեկոյցին հեղինակը: Աշխարհը կորսնցուց մեծ մարդասէր եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ջատագով մը:
Ինծի բախտ վիճակուած էր քանի մը տարի շարունակ սերտօրէն գործակցելու պարոն Ուիթըքըրի հետ, Ժընեւի մէջ, ուր ան իբրեւ բրիտանացի փորձագէտ՝ կը ծառայէր ՄԱԿի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին մէջ, իսկ ես կը ներկայացնէի Բնիկ ժողովուրդներու միջազգային ընկերակցութիւնը՝ կարմրամորթներու հասարակական կազմակերպութիւն մը:
Պարոն Ուիթըքըր գործիչ իրաւաբան էր, որ 1966 թուականին բրիտանական խորհրդարանին մէջ ընտրուած էր Լոնտոնի հիւսիսէն: 1971 թուականին ան դարձած էր Ազգային փոքրամասնութիւններու խումբի գործադիր տնօրէն, հրատարակած տասնեակ ուսումնասիրութիւններ համաշխարհային փոքրամասնութիւններու մասին, ներառեալ՝ հայերու:
1975 թուականին Պ. Ուիթըքըր իբրեւ բրիտանական փորձագէտ՝ նշանակուեցաւ ՄԱԿի խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովին մէջ՝ ՄԱԿի ուսումնասիրութեան մը մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման վերաբերեալ սաստիկ վէճերու բուռն շրջանի մը: Նախնական ուսումնասիրութեան հեղինակը՝ Ռուանտայի յատուկ զեկուցող Նիքոտեմ Ռուհաշիանքիքօն ճնշման ենթարկուած էր Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը:
Թրքական ճնշումներուն հակազդելու համար խումբ մը հայեր, որոնց մէջ էր նաեւ տողերուս հեղինակը, 1978 թուականին յաջողեցան խափանել զեկոյցը ՄԱԿի ենթայանձնաժողովին մէջ, երբ հանուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակումը: Այդ ժամանակ ես հարցուցի պարոն Ուիթըքըրին, որ արդեօք ան պիտի ուզէ՞ դառնալ յատուկ զեկուցող՝ Ռուհաշիանքիքոյի ընդհատուած զեկոյցը շարունակելու համար: Պ. Ուիթըքըր տուաւ իր համաձայնութիւնը, պայմանաւ որ ինք պիտի չփորձէ որեւէ քուէ հաւաքել իր նշանակման համար:
Հաշուի առնելով անոր անբասիր համբաւը՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ենթայանձնաժողովի անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Պենճըմին Ուիթըքըրին թեր քուէարկեց՝ իբրեւ նոր յատուկ զեկուցողի, օժտելով զայն «Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին հարցին վերաբերեալ վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյց» նախապատրաստելու լիազօրութեամբ: Միակ դժգոհողը Թուրքիոյ պատուիրակն էր, որ գիտէր, թէ Ռուհաշիանքիքոյի հանդէպ իր կառավարութեան կիրարկած ահաբեկման մարտավարութիւնը պիտի չգործէ պարոն Ուիթըքըրի պարագային:
1985 թուականի Օգոստոսին Պ. Ուիթըքըր ՄԱԿի ենթայանձնաժողովին ներկայացուց վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյցը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որակելով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ 20րդ դարուն: Երկար քննարկումներէ ետք Թուրքիան չյաջողեցաւ ճնշում բանեցնել ենթայանձնաժողովին վրայ՝ ջնջելու Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը: Տասնչորս թեր, մէկ դէմ եւ չորս ձեռնպահ քուէարկութեամբ ենթայանձնաժողովը ընդունեց զեկոյցը՝ անով իսկ հաստատելով, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը համապատասխանէ ՄԱԿի՝ ցեղասպանութեան չափանիշներուն:
Այդ ժամանակէն ի վեր թուրք ժխտողականները յաճախ փորձած են ակնյայտ կեղծիք տարածել, որ իբր թէ ո՛չ նման քուէարկութիւն եղած է, ո՛չ ալ ՄԱԿի զեկոյց… Անոնք նոյնիսկ կը պնդեն, թէ ՄԱԿի բանբեր Ֆարհան Հաքը 2000 թուականին ըսած է թրքական խումբերուն, որ ՄԱԿը «երբեք չէ վաւերացուցած եւ չէ պաշտպանած զեկոյց մը, որով հայկական իրադարձութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ «ցեղասպանութիւն»: Ես անձամբ դիմեցի պարոն Հաքին, եւ ան ըսաւ, որ տեղեակ է ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու մարմինին կողմէ ընդունուած զեկոյցին մասին, որ կը յիշատակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան պարզապէս ըսած էր թրքական խումբերուն, որ ՄԱԿի Ընդհանուր խորհուրդը չէ զբաղած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով:
Ցաւօք, հայերու կողմէ շատ քիչ բան եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ՄԱԿի այս խիստ կարեւոր զեկոյցի բացայայտման համար: Շատ զարմանալի է, որ 2000 թուականին ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մէջ նախագահ Քոչարեանը կոչ ուղղեց ՄԱԿին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահին օգնականները չէին տեղեկացուցած անոր՝ ՄԱԿի ենթայանձնաժողովի 1985 թուականի զեկոյցին մասին…
ՄԱԿի մէջ միասին աշխատած տարիներէն ետք, քանի մը անգամ մեծ հաճոյքով հանդիպած եմ պարոն Ուիթըքըրի հետ: 1980ականներու վերջերը մենք միասին հրաւիրուած էինք Արժանթին՝ տեղի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, ՄԱԿի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարք մը դասախօսութիւններ կարդալու համար: 2009 թուականին պարոն Ուիթըքըրը սիրով մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իմ ելոյթիս՝ բրիտանական խորհրդարանին մէջ եւ շատ ջերմ արտայայտուեցաւ ՄԱԿի մէջ մեր նախկին համագործակցութեան մասին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները պէտք է յարգանքի տուրք մատուցեն պարոն Ուիթըքըրին, քանի որ 2015 թուականը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է, այլեւ՝ ՄԱԿի ցեղասպանութեան զեկոյցի ընդունման 30րդ տարեդարձը:
ՄԱԿի ենթայանձնաժողովի երեք այլ անդամներ, որոնք չափազանց մեծ աջակցութիւն ցուցաբերեցին ցեղասպանութեան զեկոյցի ընդունման ժամանակ, դեռ ողջ են. Արժանթինէն՝ Լէանտրօ Տեսփոյը, Ֆրանսայէն՝ Լուի Ժուանէն եւ Էրիքա Տայեսը՝ Յունաստանէն: Տեսփոյը արդէն պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահին կողմէ: Ժուանէն եւ Տայեսը եւս արժանի են նման գնահատականի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի կողմէ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը