
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սնապեանն ալ բաժնուեցաւ մեզմէ։
Սուգի մէջ են աշխարհով մէկ ցրուած հարիւրաւոր աշակերտները երախտաշատ «Պարոն»ին, որ դասագիրքերէ անդին՝ գրելու, ստեղծագործելու անյագ «մոլութիւնն» ու հայ լեզուի եւ հայ գրականութեան պաշտամունքը ներարկեց բոլորին։
Սուգի մէջ են, նաեւ ու մանաւանդ, հազարաւոր ու հաւատարիմ ընթերցողները «Ես Այդ Շունն Եմ» յայտարարութեամբ յիսուն տարի առաջ գրական աշխարհին մէջ յաղթական իր պատուանդանը նուաճած արձակագիրին, որ անկոխ ուղիներ բանալու եւ հարթելու կոչումով իմաստաւորեց կեանքն ու գործը՝ իր տաքուկ անկիւնը յարդարելով ընթերցողներու ներաշխարհին մէջ։
Պօղոս Սնապեան ոչ եւս է։
Անսպասելի չէր, պարզապէս յառաջացեալ տարիքի հետ եկող վատառողջութեան հետեւանք էր մահը ընդհանրապէս գրական մամուլի եւ յատկապէս դաշնակցական մամուլի տասնամեակներու խմբագիրին։
Խմբագիր, որ ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութիւն «Բագին» գրական ամսագիրի եւ ՀՅԴ Լիբանանի օրկան «Ազդակ» օրաթերթի էջերէն, աւելի քան կէս դար, «արթուն պահակ»ի նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնեցաւ հայ լեզուի եւ գրականութեան վերաթարմացման, այլեւ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին եւ յեղափոխական շարժման աւանդներու վերանորոգման ոգորումներուն։
Մեր կեանքէն առյաւէտ հեռացած է, ահա, իր ապրելու ժամանակը լիարժէք կենսագործած եւ իմաստաւորած գրողը, ուսուցիչը, խմբագիրը։
Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն, արդէն, յոգնածութիւնը ակներեւ դարձած էր ընկեր Պօղոսի դէմքին, այլեւ՝ շարժումներուն մէջ։
Իր կենսուրախութեան յագուրդ տուող անցաւոր մոլութիւններէն՝ ծխելու, խմելու եւ թղթախաղի հաճոյքներէն գրեթէ ոչինչ պահպանած էր։
Բայց ոչ մէկ ընկրկումի կամ նահանջի մատնած էր, ընդհակառակն՝ հասունացման եւ յղկումի առաջնորդած էր տունը, կինը եւ գիրքը ամենայն մոլեռանդութեամբ պաշտամունքի արժանացնելու իր անյագ ծարաւը, ինքնաճանաչման ու կենսունակութեան իր անսպառ ներուժին վարար աղբիւրը։
Այդպէ՛ս, ժամանակը չկրցաւ շատ բան փոխել Պօղոս Սնապեանը յատկորոշող սէրերէն ու մոլութիւններէն, բայց խորապէս յղկեց զանոնք։
Մշակեց եւ բիւրեղացուց, մանաւա՛նդ, գիրքերու աշխարհին հետ կապուածութեան, որոշապէս գրելու-ստեղծագործելու «մոլութիւն»ը, որ ծանրութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ Պօղոս Սնապեան արժանաւորին։
Արձակագիրի, գրականագէտի եւ խմբագիրի իր այդ «մոլութիւն»ն էր, զոր Պօղոս Սնապեան վարակիչ դարձուց իր աշակերտներուն համար։
Իր անձնական օրինակով՝ կարդալու, գրելու եւ ստեղծագործելու վայելքը մշակեց բոլորիս մէջ։
Այո՛, ստեղծագործ ընթերցումի իսկական վայելքը սորվեցնող ուսուցիչը եղաւ Պօղոս Սնապեան։
Անոնք, որոնք բախտը ունեցած են կարդալու Սնապեանի գրադարանէն առնուած գրական հատոր մը, վստահաբար գիտեն ու կրնան վկայել, որ անոր էջերուն անպայման պիտի հանդիպիք Պօղոս Սնապեան արձակագիրին, գրականագէտին եւ խմբագիրին մանրատառ ու խիտ ձեռագիրով լուսանցքի մէջ կատարուած ընդգծումներուն եւ արձանագրութիւններուն։
Սնապեանական նշումներ, որոնք թէ՛ ընթերցուած գործին գեղարուեստական արժանիքներուն կամ թերութեանց վերաբերեալ քննադատի տեսակէտ են, թէ՛ տուեալ հեղինակին ուրիշներէ կրած ազդեցութեանց (երբեմն նաեւ ընդօրինակումներու) մասին գրականագէտի յղումներ են, թէ՛ տուեալ գործին կամ հեղինակին գաղափարական ուղղութեան հանդէպ սեփական կողմնորոշման ընդգծումներ են։
Ինչպէս գրականագիտական իր դեգերումներուն ժամանակ, նոյնպէս եւ խմբագրական իր երկարամեայ աշխատանքներուն ընթացքին, Պօղոս Սնապեան միշտ իրա՛ւ արժէքը վայելելու յափշտակութեամբ փարեցաւ իր գտած տաղանդաւոր գործին, նոյնիսկ եթէ սոսկ խոստմնալից նշոյլներու առկայութիւնը նկատէր…
Երբեմն բանաստեղծական քառեակի մը երկնած պատկերը եւ ներքին երաժշտութիւնը, կամ՝ պատմուածքի մը քանդակած հերոսը եւ շնչաւորած կեանքի առեղծուածը, կամ՝ թատերական արարի մը շղթայազերծած ներքին ապրումներու յորձանքը, եթէ իրաւ արժէքի սահմանը հատելու արժանիքը ունէին, անպայման Սնապեան պիտի հասցնէր իր ընթերցողներուն եւ աշակերտներուն, որպէսզի գրելու եւ ստեղծագործելու իրաւ վայելքով ջերմացնէր թէ՛ անձնապէս իր եւ թէ ամբողջ շրջապատին առօրեան։
Այդպէ՛ս, գիրքերու աշխարհը պեղելով եւ գտած արժէքաւորն ու իրաւը վայելքի վերածելով ու մոլեռանդօրէն պաշտամունքի արժանացնելով՝ Պօղոս Սնապեան ամբողջ կեանք մը ամէնօրեայ մտերիմն ու խօսակիցը եղաւ բոլորիս, 1950ականներու սկիզբէն, Անդրանիկ Ծառուկեանի անզուգական «Նայիրի»ի հրատարակութեան առաջին իսկ շրջանէն։
Օրեր առաջ մեզմէ բաժնուած Արժանաւորի մը՝ արձակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանի ընդհանուր դիմագծումն ու գնահատականը կատարող մահագրութենէ մը անդին՝ սրտի խօսք է այս վկայութիւնը։
Վկայութիւն՝ որ խարսխուած է ուսուցիչի եւ աշակերտի կապով ու մտերմութեամբ սկսած, ապա՝ «Ազդակ»ի յարկին տակ խմբագիրի եւ օգնականի սերտ գործակցութեամբ զարգացած, այնուհետեւ՝ դաշնակցական մամուլի ընտանիքէն ներս երկարամեայ պաշտօնակցութեամբ խորացած 46ամեայ հարազատութեան վրայ։
Պօղոս Սնապեան կաղապարման չենթարկուող եւ ամէն կարգի կաղապարումները մերժող, աւելին՝ ամէն կարգի համակերպումներու եւ կաշկանդումներու դէմ ըմբոստացող մարդ էր՝ թէ՛ իբրեւ քաղաքացի, թէ՛ իբրեւ մտաւորական։
Եթէ ըմբոստ իր նկարագիրին վրայ գումարենք նաեւ դժուարահաճ ու խստապահանջ իր խառնուածքը, արդէն պարզ ու ընկալելի կը դառնայ, թէ ինչո՞ւ Պօղոս Սնապեան ընդունուած արժէքներու եւ գործող սկզբունքներու հետ անհաշտ հակադրութեան մէջ ապրեցաւ իր կեանքի ամբողջ ժամանակը։
Իրաւութեան որոնումը միշտ ծայրայեղական դիրքերու վրայ դրաւ Պօղոս Սնապեանին։
Գրականութեան մէջ, բնաւ չկրցաւ սանձ դնել ինչպէս իր անվերապահ պաշտամունքին, այնպէս ալ իր անխնայ քննադատութեան։ Որքան աստուածացուց Յակոբ Օշականի, Ուիլեըմ Սարոյեանի կամ Պարոյր Սեւակի իրաւութեամբ տաղանդները, այնքան անսանձ հարուածեց Աւետիք Իսահակեանի կամ Կոստան Զարեանի հեղինակութեամբ արժէքները։
Նոյնը եւ Դաշնակցութեան մէջ։
Պօղոս Սնապեան եղաւ ու մնաց հաւատաւոր ու հաւատարիմ դաշնակցական, դաշնակցական աւանդներու պահապան «այդ շունը» ըլլալու հպարտութեամբ քալեց կազմակերպական մեր կեանքին մէջ, բայց երբեք տանտէր չզգաց կուսակցական նուիրապետութեան մէջ, մարմիններու մէջ իր տեղը չփնտռեց, այլ ընդհակառակն՝ իրա՛ւ արժէքներէն դուրս ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ընդունեց եւ, մանաւանդ, մերժեց գլուխ ծռել քուէի ուժով կամ բռնացումով հաստատուած որեւէ կուռքի առջեւ, ղեկավարութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ ըլլար անիկա։
Բայց թէ՛ գրականութեան, թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ, իրաւ արժէքներուն երկրպագելու միեւնոյն հեթանոսական ջերմեռանդութեամբ, Պօղոս Սնապեան միշտ իր հոգիին մէջ անեղծ պահեց բագինը ինքնանուիրման՝ կարդալու եւ գրելու, սորվելու եւ սորվեցնելու, գիրքերու աշխարհը անյագ վայելքի աղբիւր դարձնելու ամենայն մոլութեամբ։
Արդէն իջած է կեանքի վարագոյրը եւ Պօղոս Սնապեան անդարձ հեռացած է մեզմէ։
Կ՛ապրի մեր յիշողութեան, մանաւա՛նդ իր կտակած գրական հարուստ ժառանգութեան մէջ։
Իսկ եթէ անծանօթ ընթերցողը կ՛ուզէ կարդալ կամ հաղորդակցիլ գրելու եւ ստեղծագործելու «մոլութիւն»ը գերագոյն վայելքի վերածած հեղինակի մը հետ, անպայման կրնայ դիմել Պօղոս Սնապեանի գրիչին, որ իրա՛ւ արժէքներու պաշտամունքով ազնուացուց մեր կեանքն ու ներաշխարհը։