
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».– Վերաքննիչ քաղաքացիական դատարանը 26 Յունիսին գումարած դռնփակ նիստին ընթացին քննարկած է Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին վերաբերող դիմումը եւ կասեցուցած է առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը, որուն հիման վրայ «Դատական ակտերի հարկադիր կատարման (ԴԱՀԿ) ծառայութիւնը» յայտարարած էր համալիրը աճուրդի դնելու մասին:
«Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին համալիրի փաստաբան Արմինէ Յակոբեան ըսած է, որ ԴԱՀԿ ծառայութիւնը «խորհուրդի կարգով» դիմած էր դատարան՝ խնդրելով պարզաբանել, թէ արդեօք բռնագանձման կատարողական թերթիկը ենթակա՞յ է կատարման՝ հաշուի առնելով այն, որ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը կը վիճարկուի Վերաքննիչ դատարանին մէջ:
«Վերաքննիչ դատարանը բաւարարել է կատարողական թերթը պարզաբանելու վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ տարուած բողոքը», նշած է Արմինէ Յակոբեանը:
Վերաքննիչ դատարանը, ըստ էութեան, կասեցուցած է առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը, ըստ որուն՝ ԴԱՀԿ ծառայութիւնը պէտք է «Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր»էն յօգուտ Հայաստանի բռնագանձէ 10,2 միլիառ դրամ գումար՝ բռնագանձումը տարածելով գրաւի առարկային՝ «Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր» սեփականութեան իրաւունքով պատկանող Երեւան, Կենտրոն համայնքի Ծիծեռնակաբերդի զբօսայգի մարզահամալիրի հասցէին վրայ գտնուող անշարժ գոյքի վրայ:
Արմինէ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ 26 Յունիսին՝ ժամը 17:00ին, ինք դիմում ներկայացուցած է ԴԱՀԿին՝ կասեցնելու մարզահամերգային համալիրին վերաբերող, 17 Յունիսին յայտարարուած ելեկտրոնային աճուրդը, ինչպէս նաեւ անօրինական նկատել նախորդ երկու աճուրդները: Անոր համաձայն՝ դիմումին կցուած է նաեւ Վերաքննիչ դատարանի որոշման պատճէնը: