ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Գումգաբու թաղամասը բնակող հայաստանցիները վերջին շրջանին լարուածութեան եւ վախի մթնոլորտի մէջ կ՛ապրին: Պատճառը՝ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի քաղաքացի Համբարձում Յարութիւնեանի սպանութենէն ետք ոստիկանութեան սաստկացած հետախուզութիւններն են։ Ըստ թրքական «Տեմոկրաթհապեր» կայքին՝ թրքական իրաւապահ մարմինները կը մտնեն թաղամասի տուները՝ հետախուզութիւն իրականացնելու համար: Այս գործողութիւններուն կը մասնակցի 1600 ոստիկան, ինչպէս նաեւ՝ ոստիկանական ուղղաթիռներ:
10 տարիէ ի վեր Գումգաբու բնակող հայաստանցի կին մը, իր մտահոգութիւնը յայտնելով տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ՝ տեղեկացուցած է, որ վերջին երկու տարիներուն թաղամասին մէջ աճած է թմրանիւթերու շրջանառութեամբ զբաղող անձերու թիւը՝ շրջանը նուազ ապահով դարձնելով։
Հետաքրքրական է, որ ցարդ հայաստանցիներու տուները չեն խուզարկուած եւ ոչ մէկ հայաստանցի ձերբակալուած է, այդուհանդերձ, ոստիկանութեան գործողութիւններէն ետք, Թուրքիա հաստատուած Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ սկսած են յարձակելու թմրանիւթերու շրջանառութեամբ զբաղողներ՝ պնդելով, որ հայերը իրենց գտնուած վայրերը կը մատնեն իշխանութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.