ԵՐԵՒԱՆ.- «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը, արձագանգ հանդիսանալով Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի Արցախի հարցին առնչութեամբ կատարած յայտարարութիւններուն՝ դիտել կու տայ, որ Թուրքիոյ պետական շրջանակները կը շարունակեն միջամտել Մինսկի խմբակի գործունէութեան՝ տարբեր արժեւորումներ կատարելով համանախագահներու աշխատանքներուն մասին։
Արդարեւ, ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Չաւուշօղլու Պաքուի մէջ կայացած ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին իր կարծիքը յայտնած է Ղարաբաղի հարցին շուրջ՝ պնդելով, որ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ամերիկան ու Ռուսիան փափաք չունին Արցախի հարցին լուծում մը գտնելու։ «Եթէ այդ երկու երկիրները ցանկութիւն ունենային, ապա վաղուց միասնաբար կրնային լուծում մը գտնել Ղարաբաղեան հակամարտութեան»։
Չաւուշօղլուի խօսքերով՝ ցարդ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը եւ միջազգային դերակատարները անկեղծ ջանքեր չեն գործադրած այս ուղղութեամբ։ Թուրք նախարարը աւելցուցած է, որ այս սառեցեալ հակամարտութիւնը եւրոպական տարողութեամբ վտանգ կը ներկայացնէ շրջանի կայունութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.