
ՊԱՔՈՒ.- Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Շիֆ Պաքուի մէջ կայացած ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին, Սուրիոյ առնչուող Հայաստանի ներկայացուցած բանաձեւի մը երկու յաւելուածներուն ի նպաստ քուէարկած է։
Առաջարկներէն մէկը կ՛առնչուէր Սուրիոյ փոքրամասնութեանց ապահովութեան երաշխաւորման, իսկ երկրորդը կոչ կ՛ընէր սահմանակից պետութեանց, որ արգիլեն իրենց հողերէն Սուրիոյ վրայ յարձակումները, որոնցմէ մէկուն զոհ գացած էր Քեսապի հայութիւնը։
Շիֆ ի նպաստ քուէարկած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան ներկայացուցած այլ առաջարկի մը, որ կ՛առնչուէր Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելուն, որուն սակայն ընդդիմացած է ժողովը հիւրընկալող երկիրը։ Հակառակ Ատրպէյճանի ընդդիմութեան, առաջարկը քուէներու մեծամասնութեամբ վաւերացուած է ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ։