
Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկը, առաջնորդութեամբ իր նախագահին՝ Վարդան Գրիգորեանի, Յուլիս 2ին պիտի մեծարէ յատկանշական իրագործումներու հասած 41 ներգաղթողներ, որոնցմէ մէկն է «Արկօ Թի»ի տնօրէն եւ համահիմնադիր Արսէն Աւագեանը։
Այս առիթով, «Քարնըկի» հիմնարկը «Նիւ Եորքի Թայմզ»ի Յուլիս 4ի թիւին մէջ մէկ էջնոց ծանուցում մը պիտի հրապարակէ մեծարեալներուն մասին։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել greatimmigrants.carnegie.org կայքը։