
ԵՐԵՒԱՆ.– 2 Յուլիսին Ազգային ժողովին մէջ ոչ իշխանական չորս ուժերու ներկայացուցիչները լրագրողներուն հետ ունեցած իրենց հանդիպումին ընթացքին ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները ելեկտրականութեան սակի բարձրացման առնչութեամբ։ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ստեղծուած վիճակը վերլուծեց քաղաքական տեսանկիւնէ՝ դիտել տալով, որ այսօր, երբ երկրին մէջ կը ծագին ընկերային սուր հարցեր, աւելի բացայայտ կերպով կ՛երեւի համակարգի ողջ սնանկութիւնը, եւ ականատես կ՛ըլլանք փուլ եկող տնտեսութեան: Ըստ Արմէն Ռուս-տամեանի՝ բնականաբար, իշխանութիւնները այսօր կարիք ունին ֆինանսական միջոցներու, իսկ այդ միջոցները հայթայթելու երկու աղբիւր ունին՝ ժողովուրդը կողոպտել այնքան որ կարելի է, ինչ որ ինքնաբերաբար պիտի առաջնորդէ աղքատութեան 75-80 տոկոսին, եւ երկրորդ աղբիւրը՝ դուրսէն պարտքեր առնել, իբրեւ հետեւանք 4 անգամով մեծցնելով Հայաստանի արտաքին պարտքը: «Ունենք էներգետիկ համակարգ, որը պէտք է տնտեսութեան շարժիչ ուժը հանդիսանար, բայց այդ համակարգը իր այդ դերը կորցնում է: Ժամանակին էներգիայի արտահանող ենք եղել, եւ հիմա սա էլ է հարուածի տակ: Սրանից բխելու են լուրջ հետեւանքներ տնտեսութեան համար, այսինքն՝ լուրջ խնդիր կայ, ուստի տնտեսութիւնը պէտք է փրկել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Անոր համաձայն՝ քառ-եակին փաստարկները, որոնք ներկայացուած են Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նիստին, շատ հիմնաւորուած կերպով կը հաստատէին, որ պէտք էր յետաձգել որոշման կայացումը, բայց չյետաձգեցին, «որովհետեւ վերեւից պատուէր կար»: Այդ յանձնաժողովը կը դառնայ անկախ, եթէ իսկապէս այդ անկախութիւնը ապահովուի, այս պատճառով ալ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ յանձնաժողովը տրուի ընդդիմութեան: «Այդ դէպքում ընդդիմութիւնը այնպիսի առաջարկութիւններ կը ներկայացնի, որոնք բխում են հասարակութեան շահերից եւ կախուած չի լինի իշխանութիւններից, կը կարողանայ հակադրուել կենտրոնական իշխանութիւններին: Մենք լուրջ խնդիր ունենք՝ քաղաքական համակարգը առողջացնելու ու փոխելու առումով, հակառակ պարագայում՝ ականատեսն ենք լինելու հասարակութեան շահի կոպտագոյն խախտումների», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Ըստ պատգամաւորին՝ ՀԾԿՅն, ըստ էութեան, իր դերին մէջ չէ եւ չի կատարեր օրէնքով ու Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած գործառոյթները, որովհետեւ 31-1 յօդուածը սպառողներու շահերուն մասին յստակ պատկերացում եւ եզրեր կը ճշդէ, նաեւ կը հաստատէ, որ յանձնաժողովի գործունէութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ապահովել հաւասարակշռութիւն՝ սպառողներուն եւ տնտեսվարողներուն միջեւ, «բայց նման գործառոյթ մինչ հիմա ոչ ոք չի տեսել: Ընդհակառակը՝ միշտ սպառողի շահը ստորադասուել է մենաշնորհ ունեցող տնտեսվարող սուբյեկտների շահերին»: Այս բոլորին լոյսին տակ Ա. Ռուստամեան յայտնեց, որ յստակ է, թէ լուրջ բաց կայ, որ պէտք է կարգաւորել: «Մեր կարծիքով՝ հիմք կայ դիմելու Սահմանադրական դատարան օրէնքի թերութիւնները վերացնելու ուղղութեամբ: Օրէնքը պէտք է յստակ սահմանի, որ պէտք է գերակայ համարուի հասարակութեան շահը, այդ գերակայութիւնը օրէնքով լիարժէքօրէն սահմանուած չէ: Երբ պէտք է լինում մարդկանց տները քանդեն ու ինչ որ կառոյցներ կառուցեն, այդ գերակայ շահն աշխատում է, բայց երբ պէտք է իսկապէս հասարակութեան գերակայ շահը գործի բոլոր հիմնարար պրոցեսների մէջ, անտեսւում է այն, իսկ մարմինը, որը կոչուած է այն ապահովել, չի կատարում իր գործառոյթները», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան։