ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Բրիտանիոյ հայ հաaմայնքին նուէրը այս անգամ բաժին ինկած է Ծղուկ, Թասիկ եւ Աղիտու համայնքներու (Սիւնիքի մարզ) 105 աշակերտներու: Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին անոնք դպրոց պիտի յաճախեն նոր պայուսակներով եւ գրենական պիտոյքներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
Գիւղացիները հաւաքուած էին կիսելու դպրոցականներուն ուրախութիւնն ու անձամբ տեսնելու նուէրները:
Ծնողները գոհունակ էին, որովհետեւ այս նախաձեռնութեամբ մեծ բեռ մը իջած է իրենց ուսերէն: Անոնք յատկապէս ուրախ էին այն պատճառով, որ իրենց նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ։
Անահիտ Ղազարեան, որ անգամ մը եւս եկած էր Լոնտոնէն, նուէրները յանձնելու նպատակով, խոստացաւ օրուան բարձր տրամադրութիւնն ու ջերմ խօսքերը փոխանցել Բրիտանիոյ համայնքի զաւակներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.