
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը 2 Յուլիսին հաստատած է 50 միլիոն տոլար փոխառութեան տրամադրումը Հայաստանին՝ Առեւտուրի խթանման եւ որակի ենթակառուցուածքի ծրագիրով:
Համաշխարհային դրամատան հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս ծրագիրին նպատակն է ամրապնդել կառավարութեան կարողութիւնները արտածման խթանման, տեղական եւ օտար ներդրումներու ներգրաւման եւ առեւտուրի ընդլայնման համար որակի ծառայութիւններու բարելաւման հարցերուն մէջ:
Ծրագիրի ընդհանուր ֆինանսաւորումը կը կազմէ 59.54 միլիոն տոլար, որուն 9.54 միլիոն տոլարը կը կազմէ Հայաստանի կառավարութեան ներդրումը: Համաշխարհային դրամատունը կը տրամադրէ 50 միլիոն տոլար՝ «Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային բանկ»ի փոխառութիւն հետեւեալ պայմաններով՝ փոփոխական տոկոս, 10 տարուան արտօնեալ ժամանակաշրջան եւ 25 տարուան մարման ժամկէտ: