
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի 3 Յուլիսի հրամանագիրով Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուած է Կարէն Գրիգորեանը (նստավայրը՝ Պաղտատ):
Նորանշանակ դեսպանը 46 տարեկան է: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի արաբական բաժինը, ապա՝ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան կից դիւանագիտական ակադեմիան: 2006-2009ին եղած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական, 2009-2011ին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու վարչութեան արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի բաժնի վարիչի պաշտօնակատար: Վերջին երեք տարիներուն եղած է Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը: