
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դեսպաններուն հրահանգներ փոխանցած է՝ «ղարաբաղեան հարցին ուղղութեամբ» առնուելիք քայլերուն կապակցութեամբ։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Ալիեւ այս հրահանգները տուած է Պաքուի մէջ կայացող Ատրպէյճանի դիւանագիտական ծառայութիւններու ղեկավարներուն հինգերորդ խորհրդակցութեան ընթացքին:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի պետի տեղակալ, արտաքին յարաբերութեանց բաժինի վարիչ Նովրուզ Մամետովի՝ հանդիպման մասնակցած նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր ելոյթին 30 վայրկեանը նուիրած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրին:
«Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը կը մնայ», յայտնած է Մամետով, աւելցնելով, որ ըստ Ալիեւի՝ հիմնախնդիրը «պէտք է լուծուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակէն ներս»:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք ընդգրկուած չէ եղած անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, այդպիսով՝ ԼՂՀի ինքնորոշումը չի հակասեր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: