
ԱԽԱԼՑԽԱ.– 10 Յուլիսին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ Հայաստանի քայլերգով բացումը կատարուեցաւ սովորութեան վերածուած «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին: Անիկա կը տեւէ 10 օրեր, որոնց ընթացքին 8-14 տարեկան 80 պատանիները Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հայ երիտասարդներէն կը սորվին հայկական պարեր, երգեր, հայոց պատմութիւն, խաղեր եւ շատ այլ հետաքրքրական բաներ:
Պիտի կազմակերպուին նաեւ տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, պատանիները ժապաւէններ պիտի դիտեն եւ տարբեր ձեռնարկներու մասնակցին։
«Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրով պիտի կայանան արշաւներ դէպի քաղաքի հայկական սրբավայրերը:
Տուեալ ծրագիրը 2012էն ի վեր կը կատարուի Հայ Օգնութեան Միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր օժանդակութիւններով:
«Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը կը գործադրուի Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի մէջ, ուր 10 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ծրագիրի պաշտօնական բացում։