10 Յուլիսի երեկոյեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի մեկնող Հայաստանի կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը, առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանը, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարի առաջին տեղակալ Գուրգէն Դումանեանը, տնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը, տարածքային կառավարման նախարարութեան գաղթականութեան պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Սոչիի մէջ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ, պիտի այցելէ Սոչիի ողիմպիական աւան ու ծանօթանայ իրականացուած աշխատանքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.