ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– 9 Յուլիսին պետական այցելութեամբ Ուրուկուէյ հասած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է այդ երկրի նախագահ Ժոզէ Միւժիքայի, փոխնախագահ, խորհրդարանի նախագահ Տանիլօ Ասթորիի հետ:
Նախագահ Միւժիքայի հետ կայացած հանդիպումէն առաջ Սարգսեան այցելած Է Անկախութեան հրապարակ, ծաղկեպսակ զետեղած է զօր. Ժոզէ Արթիկասի յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:
Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները քննարկած են միջպետական կապերու ամրապնդման ու համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր: Երկու երկիրներու նախագահները նշած են, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ ձեւաւորուած են բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ: Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Ուրուկուէյի հետ համընդգրկուն օրակարգի զարգացմամբ՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ եւ պատրաստակամ է՝ այդ նպատակին ուղղորդելու անհրաժեշտ ջանքեր գործադրելու:
Հայ–ուրուկուէյական համագործակցութեան զարգացման իմաստով զրուցակիցները կարեւոր նկատած են փոխադարձ այցելութիւններու, երկու երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու միջեւ պարբերական կապերու հաստատման անհրաժեշտութիւնը: Կարեւոր նկատուած է նաեւ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, մանաւանդ որ Հայաստանի նախագահի այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու իրաւապայմանագրային համագործակցութիւնը պիտի համալրուի նոր կարեւոր համաձայնագիրներով: Նախագահները անհրաժեշտ նկատած են նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը:
Նախագահները համակարծիք եղած են այն մասին, որ հայ- ուրուկուէյական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ մեծապէս կը նպաստէ Ուրուկուէյի հայ համայնքը, որ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն բնակութիւն հաստատած է այդ երկրին մէջ, աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է երկրի հասարակական, քաղաքական կեանքին մէջ եւ իր համեստ նպաստը բերած է ու կը բերէ բարեկամ Ուրուկուէյի զարգացման:
Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները կարեւոր նկատած են նաեւ այն հանգամանքը, որ համամարդկային նշանակութիւն ունեցող հարցերուն առնչութեամբ երկու երկիրներուն մօտեցումներն ու դիրքորոշումները համահունչ են: «Դրա վառ ապացոյցը այն է, որ դեռեւս 1965 թուականին աշխարհում առաջինը ճանաչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ Ուրուգուայը կանգնել է արդարութեան պաշտպանի հարթակին՝ շահելով համայն հայութեան անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը՝ որպէս անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ», յայտնած է Սերժ Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ «հայ ժողովրդի եւ համայն մարդկութեան դէմ այս ծանրագոյն ոճրի ճանաչման եւ դատապարտման գործում Ուրուգուայը կատարել է թերեւս ամենածանրակշիռ ներդրումը»:
Հանդիպման աւարտին ստորագրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր, մասնաւորապէս՝ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ տն-տեսական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր, սովորական անձնագիրներու պարագային մուտքի արտօնագիրի պահանջքի վերացման մասին համաձայնագիր, Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիր, մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր:
Սերժ Սարգսեանի եւ Տանիլօ Ասթորիի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ միջխորհրդարանական կապերու զարգացման. զրուցակիցները մեծ դեր վերապահած են երկու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամութեան խումբերուն:
Ուրուկուէյի փոխնախագահը ընդունած է Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը՝ այցելելու Հայաստան, նշելով, որ մեծ փափաք ունի այցելելու այն երկիրը, որ իր բազմաթիւ ընկերներուն եւ բարեկամներուն հայրենիքն է՝ դիտել տալով, որ Ուրուկուէյի խորհրդարանին եւ աշխատակազմին մէջ մեծ է թիւը ծագումով հայերուն, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն օրէնսդիր աշխատանքին:
Ան իր երկրին անունով առաջարկած է Հայաստանին՝ Ուրուկուէյը որպէս դարպաս օգտագործել Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական կապերը զարգացնելու համար:
Հայաստանի նախագահը այցելած է նաեւ Մոնթէվիտէոյի մէջ գտնուող «Հայաստան» հրապարակ: Ան յարգանքի տուրք մատուցած է հրապարակին կից տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին մօտ:
Սերժ Սարգսեան այցելած է նաեւ գիւղատնտեսական մեծ ներուժ ունեցող «Քոնափրոլէ» կաթնամթերքի արտադրական կեդրոն, ուր անոր ներկայացուած են արտադրանքի շուրջ 70 տոկոսը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ արտածող այդ գործարանի ամբողջ արտադրատեսականին եւ արտադրական հզօրութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.