ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան- հիմնարկին մէջ 6 Հոկտեմբերէն 6 Նոյեմբեր 2014 տեղի պիտի ունենայ «Երեւանեան ճարտարապետական բիենալէ-2014» խորագիրով համահայկական ճարտարապետական մրցոյթ-ցուցահանդէս:
Անոր կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ճարտարապետներ, ճարտարապետական արուեստանոցներ, հեղինակային խումբեր, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական բարձրագոյն հիմնարկներու ուսանողներ:
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ճարտարապետներու ներուժի, գիտական եւ ստեղծագործական միտքի համախմբումը, ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան բնագաւառներուն մէջ միջազգային համագործակցութեան խթանումը, հայ ճարտարապետական ժառանգութեան հանրահռչակումը, մասնագիտական ուսուցման բարելաւումն ու միջազգային համագործակցութեան դաշտին մէջ մրցունակութեան բարձրացումը:
Ճարտարապետական մրցոյթ-ցուցահանդէսի մասնակցութեան դիմումները ներկայացնելու վերջին թուականը 6 Սեպտեմբեր է, իսկ աշխատանքները ընդունելու վերջնաժամկէտը՝ 15 Սեպտեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.