– Թրքական «Զաման» թերթը կը հաղորդէ, որ Մարաշի մէջ շուրջ հազար հոգի, սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան դէմ բողոքի ցոյց կատարած են՝ պահանջելով, որ քաղաքին մէջ ապրող սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը ղրկուին: Թրքական դրօշներ եւ ծայրայեղ ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր»ու զինանշանները կրող ցուցարարները յարձակած են սուրիացիներու պատկանող ինքնաշարժներու վրայ եւ կոտրած անոնց ապակիները: Անցեալ շաբաթ նման ցոյց մը կազմակերպուած էր Այնթապի մէջ:
– Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն Յուլիս 15ին արտաքին գործոց նախարար նշանակեց Ֆիլիփ Հեմընտը, որ կը զօրակցի այն գաղափարին, թէ Բրիտանիա 2017ին կայանալիք հանրաքուէին ընթացքին Եւրոմիութենէն դուրս գալու ի նպաստ պէտք է քուէարկէ, եթէ Պրիւքսէլ նկատառելի լիազօրութիւններ չվերադարձնէ Լոնտոնին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.