ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի պաշտպանութեան նախարարներ Չաք Հէյկըլ եւ Ալի Աթիյա, ստորագրած են համաձայնագիր մը, որով Քաթար աւելի քան 11 միլիառ տոլար արժող ամերիկեան զէնքեր պիտի գնէ:
Քաթար պիտի գնէ «Ափաչի» տիպի ռազմական ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան «Փեթրիըթ» համակարգեր եւ հակահրասայլային հրթիռային «Ճեւլին» համակարգեր:
Հէյկըլ Քաթարի հետ յարաբերութիւնները «չափազանց կարեւոր» որակած է։ Նշենք, որ Քաթարի մէջ կը գտնուի ամերիկեան օդուժի ռազմակայան մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.