ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յուլիս 31ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ Մարտիկ Մատէնճեանի նոր հրատարակուած գիրքերուն ներկայացումը, ինչպէս նաեւ լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը՝ դէպի Արեւմտահայաստան հեղինակին կատարած ճամբորդութենէն։
«Բռնագրաւուած Դրախտը» պատմութիւնն է Յովսէփին եւ Վարդենիին։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն շուրջ վեց դար ետք, փոքրիկ Յովսէփ կ՛երազէ իր հօրեղբօր կալուածները ժառանգել անոր մահէն ետք, որովհետեւ ան արու ժառանգորդ չունէր: Թրքական օրէնքին համաձայն՝ կիներ չէին կրնար ժառանգել: Պիտի կրնա՞յ արդեօք ժառանգել: Իսկ փոքրիկ Վարդենին իր հայրը կորսնցուց Ատանայի կոտորածին: Մայրը ամուսնացաւ ուրիշ մէկու մը հետ: Վրայ հասաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը: Տղամարդիկ զինուորագրուեցան, իսկ ժողովուրդին մնացեալ մասը՝ կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ, բռնագաղթի ենթարկուեցան: Յովսէփի մայրն ու եղբայրը ճամբան մնացին: Միւս վերապրողները հասան Հալէպ. Յովսէփ սասունցիներու քով աշխատանքի անցաւ. ուրիշներ՝ դէպի Տէր Զօր ուղարկուեցան: Վարդենիի ընտանիքը գնաց Հոմս, ուր մայրը զինք տաղստանցի ընտանիքի մը ծախեց: Պատերազմի աւարտին, Յովսէփ գնաց Ատանա՝ ազատագրուած Կիլիկիա, եղբայրը փնտռելու: Վարդենին Հալէպ որբանոց դրուեցաւ, ապա ՀԲԸՄի «Տէօրթ Եոլ»ի որբանոցը արձանագրուեցաւ: Երբ Կիլիկիան քեմալականներուն տրուեցաւ, Յովսէփ եւ Վարդենի Պէյրութ մեկնեցան:
Մարտիկ Մատէնճեան ծնած է Լիբանան 1915ի Ցեղաuպանութենէն փրկուած չեփնիցի (Սեբաստիա) ծնողներէ: Ան Քալիֆորնիա գաղթած է 1986ին՝ հաստատուելով Փասատինա, ուր կ՛ապրի իր կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ:
Ապրիլ 2013ին, ան հրատարակեց եռահատոր սոյն գիրքին առաջին մասը՝ «Բռնագրաւուած Դրախտը. Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն», որ իր «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» անգլերէն գիրքին հայերէն թարգմանութիւնն էր՝ կատարուած իր իսկ կողմէ: 2013ի Հոկտեմբերին, ան հրատարակեց «Նոր Օրերու Ֆետայիներ. Լիբանանի Մեր Տղաքը» վաւերագրական ժամանակագրութիւնը՝ Լիբանանի քսանամեայ պատերազմին մասին:
Մայիս 2014ին, ան հրատարակեց եռահատոր «Բռնագրաւուած Դրախտ»ին երկրորդ հատորը՝ «Մեր Հողերր, Մեր Հողերր» խորագիրով, որ Լիբանան կամ Սուրիա հաստատուած հայոց պատմութիւնն է:
Ձեռնարկի մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել Առնօ Երէցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Պարոն Մարտիկ Մատէնճեան
Իմ Հայրս Սեպաստացի էր,բնիկ”Կամիս” գիւղէն
Ու°ր կէ գտնուի “Չեփն”
Յարգանքով
Չէփնի կը գտնուի Ալիս Գետին աչ կողմը, Կէմէրէկէն 20 քմ. հիւսիս: Արեւմտեան կողմը կը գտնուին Պուրհան եւ Տէնտիլ նախկին հայաբնակ գիւղերը: Աւելի վեր, հիւսիս արեւմտեան կողմը կայ Չաթ գիւղը: