
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նախագահութեամբ կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 16 Յուլիսին տեղի ունեցած է վարչապետին կից Կանանց հարցերու խորհուրդի հերթական նիստը: Օրակարգի առաջին հարցով խորհուրդը քննարկած է «Կանանց նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» ՄԱԿի ուխտին Հայաստանի կողմէ կատարման վերաբերեալ 5րդ եւ 6րդ պարբերական զեկոյցները:
Ներկայացուած են փաստաթուղթերը նախապատրաստելու նպատակով եւ Հայաստանի վարչապետին որոշումով 2012 թուականին ստեղծուած Միջգերատեսչական յանձնաժողովի կատարած աշխատանքները, զորս համակարգած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Միտքերու փոխանակման ընթացքին խորհուրդի անդամները իրենց նկատառումներն ու դիտարկումները կատարած են զեկոյցներուն առնչութեամբ: Ամփոփելով կարծիքները՝ վարչապետ Աբրահամեան յանձնարարած է աշխատանքային խումբին կողմէ ամբողջացնել փաստաթուղթերը, նկատի առնել ներկայացուած բոլոր առաջարկները եւ զանոնք ներկայացնել խորհուրդին՝ առ ի վաւերացում։
Քննարկուած է նաեւ Հայաստանի մէջ կիներու վիճակի բարելաւման եւ կանանց ու տղամարդոց միջեւ հաւասարութեան քաղաքականութեան իրականացման ազգային գործելաոճի մշակման հարցը: Այդ պարունակին մէջ արծարծուած են Հայաստանի վարչապետին կից Կանանց հարցերու խորհուրդի գործունէութեան աշխուժացումը, մօտեցումներու վերանայումը, կազմի ընդլայնման կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր: Վարչապետը առաջարկած է աշխատանքային խումբի ձեւաչափով քննարկել եւ մինչեւ Սեպտեմբեր ներկայացնել խորհուրդի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղուած բարեփոխման առաջարկները: «Մենք շահագրգռուած ենք մեծացնելու կանանց մասնակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը ե՛ւ հասարակական-քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական դաշտում: Այդ ուղղութեամբ քայլեր արդէն իրականացրել ենք, եւ գործընթացը պէտք է շարունակական լինի», եզրափակած է կառավարութեան ղեկավարը: