
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփորթ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան ընդունեց զոհուած զինուորներուն մայրերը՝ Յասմիկ Մելիքեանն ու Սոնա Փաշինեանը: Նախարարը հետաքրքրուեցաւ, թէ նման ընտանիքները բժշկական ծառայութիւններէ օգտուելու իմաստով ի՛նչ խնդիրներ, դժուարութիւններ եւ առաջարկներ ունին: Անկաշկանդ զրոյցին ընթացքին մայրերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնած են ուշադիր ու հոգատար բժշկական ծառայողներուն գծով, բայց եւ այնպէս դիտել տուին, որ երբեմն դէմ յանդիման կը գտնուին անյարգալից եւ ոչ բարեացակամ վերաբերումներու։
«Դժուար է նայել զինուոր զաւակ կորցրած մայրերի աչքերի մէջ: Մենք բոլորս պարտք ունենք ձեր հանդէպ: Դուք պէտք չէ խնդրողի դերում լինէք: Նախարարութիւնը յատուկ ծրագիր կը մշակի, համաձայն որի զինուոր զաւակ կորցրած ծնողներին իրենց պոլիկլինիկաներից ամէն տարի կը հրաւիրեն պարտադիր որոշակի հետազօտութիւններ անցնելու: Իսկ բժշկական ցուցումների դէպքում կը կազմակերպուեն նաեւ բժշկական աւելի մեծ ծաւալի ծառայութիւններ», ըսաւ նախարարը:
Զոհուած զինուորներուն ծնողները տարեկան դրութեամբ բշժկական քննութեան ենթարկելու գործընթացը կազմակերպելու նպատակով նախարարը նախարարութեան աշխատակազմի համապատասխան ստորաբաժանման ղեկավարին յանձնարարականներ տուաւ: Արմէն Մուրադեան անդրադարձաւ նաեւ մայրերուն կողմէ ներկայացուած դժգոհութեան՝ խնդրելով անյարգալից վերաբերմունքի յստակ փաստեր ներկայացնել, որպէսզի ինք կարենայ ճշգրիտ հետապնդում կատարել եւ համապատասխան որոշում տալ։