
Նկարիչ, թատերագիր, արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան երէկ մեկնեցաւ Երեւան, ուր քանի մը ելոյթներ պիտի ունենայ ներկայացնելով իր վերջին՝ «Եթէ» կատակախօսութիւնը:
Վահէն նոր վերադարձած էր Ֆրանսա ու Լիբանան կատարած բացառիկ յաջողութեամբ իրականացուցած շրջապտոյտէն, որուն ընթացքին Պուրճ Համուտի եւ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ ներկայացուցած էր «Եթէ»ն:
Բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Վահէին: