
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Յուլիս 12ին Արժանթին այցելած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում մը ունեցած է արժանթինահայ գործարար եւ բարերար Էտուարտօ Էռնէկեանի հետ, Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրչների կողմէ կազմակերպուած պետական ընթրիքէ մը անմիջապէս ետք։
Փութինի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմած շարք մը գործարարներ կը ծրագրեն Արժանթինի մէջ յատկանշական ներդրումներ կատարել, իսկ Էռնէկեանի «Քորփորասիոն Ամերիքա»ն արդէն իսկ կը գործակցի ռուսական ընկերութեան մը հետ, Արժանթինի Փաթակոնիա նահանգին մէջ ջրելեկտրակայան մը կառուցելու համար։
Էռնէկեան ռուսական ընկերութիւններու հետ այլ ծրագիրներ կը մշակէ Արժանթինի, Պրազիլի եւ Հայաստանի մէջ։