ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Պարտուողական քաղաքականութիւնը ոեւէ մէկուն համար ո՛չ սիրելի է, ո՛չ ընդունելի եւ ոչ ալ պատուաբեր: Միայն զէնքով մղուած պայքարներուն արդիւնք պարտութիւնները ստիպողաբար ընդունելի կը դառնան, որովհետեւ մէկ կամ միւս կողմը մահով դուրս կու գայ «խաղ»էն: Իսկ եթէ երկու կողմերը ողջ մնացին, անպայման կը վճռեն դարձեալ մարտնչիլ, մինչեւ… յաղթանակ:
Սա միայն երկաթի ու պողպատի միջամտութեամբ, ուրիշ խօսքով բազուկի ուժով մղուած պայքարի աւարտն է: Սակայն, դեռ շա՜տ ուրիշ միջոցներով մղուած հակամարտութեանց տեսակներ կան, որոնց ընթացքին զէնք ու զրահ, թուր ու վահան, նետ ու աղեղ, կապարճ ու նիզակ չ՛օգտագործուիր, այլ՝ տարբեր զէնքեր:
Լեզուն, որուն համար կ՛ըսուի յաճախ թէ «ոսկոր չունի», ամէնէն հատու դաշոյններէն մէկն է: Այդ մկանին ճշգրիտ սրութեան նմանութիւնը երկաթին, ամէնէն փորձառու ու վարպետ զինագործն ալ չի՛ կրնար տալ: Ատիկա կը սրուի միայն բամբասանքի պտտուող սրաքարին վրայ, որուն պտոյտը գլխապտոյտ կու տայ, իսկ արձակած կայծերը՝ ամազոնի անտառներու կրկնապատիկն ալ հրդեհելու բաւարար բոց կ՛ունենան իրենց մէջ:
Կռուի մտնելէ առաջ, կողմերը միշտ սպառնալիքներ կը կարդան, կարծէք իրենց ինքնավստահութիւնը զօրացնելու համար: Երբեմն իրենց ենթակայ ժողովուրդի հոգեկանը բարձրացնելու եւ երբեմն ալ բանակը ներշնչելու համար կը կատարուին նման սպառնալիքներ, որոնք մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենան մարտի աւարտին վրայ: Նման սպառնալիքներ շատ անգամ գօտեպնդած են իրենց ենթակայ բնակչութիւնը, իսկ վերջինը իր բանակի պարտութիւնը ընդունած է բարձրաճակատ, միշտ հաւատալով յառաջիկայ յաղթանակին:
Անհատական մակարդակի վրայ պարտուողական ոգին բացայայտ թուլութեան կամ տկարութեան նշան է: Երբե՛ք պէտք չէ յանձնուիլ, ի՛նչ ալ ըլլան պարագաները: Երբեմն այնպէս կը պատահի, որ շրջապատիդ մէջ գրեթէ մէկը չի՛ մնար քեզի համախոհ կամ գէթ քեզ չզրպարտող: Սակայն ատիկա պատճառ մը չէ՛ յանձնուելու, պարտուելու կամ հեռանալու: Կրնայ այնպէս պատահիլ, որ ատիկա քեզ համախոհութիւն չցուցաբերողներու իսկական նպատակակէտ իբրեւ գծուած ըլլայ: Ուրեմն, պարտուելովդ պարզապէս օժանդակած պիտի ըլլաս գետնատարած տափակութիւններու երազի իրականացման, որոնց թեթեւամիտ յաւակնոտութիւնը պիտի սնուցանես, այս անգամ ուրիշներու ալ վրայ յարձակումներ գործել արտօնելով:
Կարելի է գէթ հաստատել, որ աշխարհը բնա՛ւ դաստիարակուած չէ կողմնակից ըլլալու արժանապատիւ եւ ուղղամիտ կեցուածքներ ունեցողներուն, որոնց միակ վարձատրութիւնը զրպարտութիւնն է եղած, իր ասելի ու անասելի բոլոր տարբերակներով: Գնահատանք, գովեստ, փառաբանանք ու մեծարանք ընդհանրապէս անոնց անյարիր ու անդաշն նկարագիրներուն բաժին կը դառնան, եւ որոնք մեր մատաղատի սերունդին համար իրենց նորարարութիւններով կեանքի օրինակ կը հանդիսանան, ընկերութեան կեանքը գլխիվայր դարձնելու քաջագործութիւնը ամէն տեղ պատմելով:
Վերոյիշեալ աշխատանքին յաջողութեան համար անոնք կարիք կը զգան յօրինելու սմսեղուկ անհատականութենէ բխած աժան փաստարկութիւններ, որոնք ընկոյզի մը կճեպը լեցնելու չափ քանակ չեն ունենար առհասարակ: Միշտ ալ բացայայտ կը դառնայ, թէ նման անձեր ուրկէ՞ կը ծծեն իրենց թոյնը, զայն ներարկելու համար ո՛չ թէ քու երակներէդ ներս, այլ զայն սրսկելու համար հանդիպած մարդու աչքերուն, ճշմարտութեան վարագոյրի թաղանթը պղծելու եւ ապա կուրցնելու համար մտերիմներդ:
Մի՛ յանձնուիր, երբե՛ք: Ա՛յս է կեանքի փիլիսոփայութեան բերած մեծագոյն նպաստը տառապող մարդուն:
_ Ինչո՞ւ,_ հարց պիտի տար հալածանքէ արդէն յոգնած եւ մարդոց զրպարտութիւններուն պատճառով մարդ էակի նկատմամբ իր բարի տրամադրուածութիւնը փոխած անձը:
_ Մի՛ յանձնուիր, երբե՛ք,_ պիտի կրկնէր նոր իմաստութիւնը,- որովհետեւ քեզի դէմ եղողները, կամ հակառակորդներդ կարելի է խմբաւորումներու ենթարկել։
_ Մի՛ յանձնուիր, երբե՛ք, որովհետեւ քեզի դէմ եղողները բոլորը արդար չեն, ոմանք կաշառուած, ոմանք ուրիշներէ խաբուած են, ոմանք իրենց շահերը նկատի ունին, ոմանք նախանձէ դրդրուած, ոմանք անորոշ վախերու ազդեցութեան տակ կը գտնուին, ոմանք սպառնացուած են, ոմանք ծնունդով չար, ոմանք անպարկեշտ, ոմանք ստախօսութեան վարժութիւն ձեռք ձգած մարդիկ, ոմանք անբարոյական, ոմանք նենգամիտ, ոմանք անհանդուրժող, ոմանք մեծամիտ, ոմանք… եւ դեռ ինչքա՜ն կարելի է այս շարքը երկարելով՝ գրութեան տողերը աւելցնել…
Միւս կողմէ, պէտք չէ՛ բնաւ յանձնուիլ, որովհետեւ քեզի դէմ եղողներուն մեծ մասը կրնայ պարզապէս պաշտօնակատարներ ըլլալ, որոնցմէ ոմանք իրենց պաշտօնը կը կատարեն քսութեամբ, իսկ ուրիշներ՝ իբրեւ թէ «անկեղծութեան» շողշողուն շրջազգեստը իրենց ուսերուն քաշած, բոլորին աչքին երերալով իբրեւ ամէնքէն անջատուած սրբատեսիլ օդապարիկներ՝ առանց բրաբիոնի դէպի երկինք բարձրացող…
_ Մի՛ յանձնուիր, երբե՛ք, եթէ աշխարհի բոլոր մարդիկ հակառակին քեզի ու թշնամանան հետդ:
Անոնք կրնան նոյնիսկ այն տպաւորութիւնը թողուլ, թէ մեծ բազմութիւն են եւ ամէնը կը կազմեն, սակայն ամէնը չեն կրնար ըլլալ, բնա՛ւ: Որովհետեւ դեռ կայ հոգիիդ մէջ եղած ինքնավստահութիւնը, որ ճշմարտութիւնը կը ծնի… Այս ինքնավսհատութիւնն է, որ մեծութիւններուն կարելի կը դարձնէ պզտիկութիւններու ներկայութեան մնալ անխռով ու անվրդով: Այս ինքնավստահութիւնն է միանգամայն, որ չի՛ թելադրեր փցուն ու անիմաստ վիճաբանութիւններու հրապարակ երթալ, մրցելու համար ոչնչութեանց հետ: Վերջապէս ատիկա ուժի սպառում մը պիտի ըլլայ, բայց կ՛արժէ՞ այդպիսիներուն համար սպառել մեր ուժին ամէնէն փոքրիկ մէկ կոտորակն իսկ…
Նոյն ինքնավստահութիւնը զարմանալիօրէն նաեւ ինքնաճանաչումի պատճառ կը դառնայ: Իսկ ինքնաճանաչ անձին վայելած հոգեկան հանդարտութիւնը շուկայէն կարելի չէ՛ ծախու առնել կամ նոյնիսկ ամէնէն գիտակից, բայց ո՛չ ինքնավստահ մարդուն վաճառել… Ուստի, մի՛ յանձնուիր, երբե՛ք, որովհետեւ ի ներքս ունիս յաղթելու երկնատուր գերազանց զօրութիւնը: