Մեր ապրած այս դարը, անկախ մեզմէ, անժամանակ վազքի մէջ է ու այս ընթացքով ալ երբեմն ակամայ մեզ բոլորս ալ գրեթէ կը զրկէ մեր ամէնօրեայ կեանքի գլխաւոր երեւոյթներէն: Այսպէս, յաճախ հեռու կը մնանք մեր շրջապատի գլխաւոր անցուդարձներէն, արժանաւոր մարդոց եւ ինչու չէ նաեւ մտերիմներու ճիշդ գնահատական տալու առիթներէն եւ զանոնք իրապէս արժեւորելու հնարաւորութիւններէն, նոյնիսկ յետ մահու վերջին յարգանքի մատուցման պարտականութիւններէն։
Իբրեւ արդիւնք, մեր սրտի խօսքերը ստիպուած կ՛ըլլանք կատարելու հեռուէն կամ՝ անոնցմէ յաւիտենապէս բաժնուելէ ետք: Իրականութիւն է: Կարծես նաեւ է՛ մեր դարու չգրուած օրէնքն ու կարգը:
Չի կարծէք, թէ ըրածս ինքնարդարացում մըն է, որովհետեւ հաստատապէս գիտեմ, որ արդէն 40 օրեր անցած են այն թուականէն, երբ հողին յանձնուեցաւ Պօղոս Սնապեանը, որ հայ գիրի ու գրականութեան երկրպագու ըլլալով հանդերձ, էր նաեւ անոր համեստ սպասարկողներէն մէկը: Մէկ խօսքով՝ հայ միտքի եւ լոյսի մշակ մը առ յաւէտ մեկնեցաւ՝ որբացնելով հայ գիրն ու մշակոյթը: Մէկ խօսքով՝ մէկը այն քիչերէն, որ միշտ տագնապած էր հայութիւնը յուզող հարցերուն համար եւ ինքզինք բացայայտած՝ անոնց խոր վերլուծումով եւ բազմակողմանի քննարկումներով։
Ահա՛ թէ ինչու, քառասուն օրեր առաջ մեծ եւ անփոխարինելի կորուստ մը արձանագրուեցաւ Սփիւռքահայ մեր պատմագիրքին մէջ, որուն իբրեւ արդար հետեւանք, անզգալաբար հոյակապ աշխարհ մը փուլ եկաւ մեր միտքերուն առջեւ, որովհետեւ դժբախտաբար, իր մահկանացուն կնքած էր Պօղոս Սնապեանը՝ մեր անմիջական սերունդի ներկայացուցիչներէն մէկը եւ մեր արդի գրականութեան ամէնէն վաւերական դէմքերէն հաստատը, որ իր միտքի ու գրիչի պայծառութեամբ վար ու ցան կատարած էր հայ միտքի դաշտերուն, եւ այս ձեւով ինքզինք ապրեցուցած եւ իրեն հետ նաեւ՝ իր ազգին մշակոյթը:
Դժուար է կշռել տարողութիւնը կորուստին: Նոյնպէս դժուար է գրագէտին կամ մտաւորականին խօսիլ, այս պարագային՝ Սնապեանին, որովհետեւ ան կեանք չունի: Իր կեանքը իր գործերն է, իր խօսքերն ու աւանդը: Ինք կ՛ապրի, եթէ իր գործերը ապրին: Վկան՝ իր հատորները ու իր հասցուցած սերունդը:
Ամէն անգամ, երբ նման մեծ «ծանօթ» մը մեզմէ հեռանայ, ինքնաբերաբար կարիքը կը զգամ, ձեւով մը ուրիշներու նման, ապրեցնելու ազգիս վաստակաշատ այդ զաւակին յիշատակը, ու այս պարագային՝ մտաւորական Սնապեանին, որ հայ գիրի ու գրականութեան հիացող գրիչ մըն էր, ինչպէս նաեւ՝ հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին խնկարկու հայ մը:
Ապա, այս բոլորէն ետք, յանկարծ ինքնածին, մէջս կը ծագի մեծ հարցում մը. արդեօք անոր յետ մահու այս տողերովս կամ գրելու այս որդեգրումովս պիտի կարենա՞մ արդարացնել իր հաւատքին ու հոգեկան մեծութեան հանդէպ ունեցած յարգանքս: Յստակօրէն ըսեմ, որ անցեալ դարու եօթանասունականներու սկիզբը, երբ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը կը կրկնապատկէր իր էջերը, ես ալ Սնապեանի կից գրասեղան մը գրաւելով՝ պաշտօնապէս տեղական լուրերու բաժինի պատասխանատուն էի: Ինծի համար ինք մեծ ուսուցիչ մըն էր: Այսպէս, ինք արաբերէնէ թարգմանած լուրերս աչքէ կ՛անցընէր, կը ձեւափոխէր, կը թելադրէր, կը պատճառաբանէր եւ ապա տպարան ղրկել կու տար, որմէ ետք զիս իր մօտը կը կանչէր, երկար կը բացատրէր, կը խօսէր՝ միաժամանակ անզգալաբար բանալով մեր մայրենիին եւ հայ մամուլին գաղտնի բոլոր դռները, իր թաւ ձայնին հետ, իր գրիչի նժարի ձայնն ալ հասցնելով: Անոր համար, կը կարծեմ, որ ինք լաւ աշակերտներ եւ ժառանգորդներ հասցուց: Չեմ գիտեր, թէ որքանո՛վ իրականացան այդ իր բոլոր երազները, սակայն վստահաբար, իր յաջորդները պիտի փորձեն ամբողջացնել զանոնք:
Հիմա բոլորս ալ անկասկած զինք կը փնտռենք, ոչ թէ որովհետեւ իր նպատակը մեր սիրտին շատ մօտիկ զգացած ենք միայն, այլ անոր համար, որ իր օրինակին հետեւելով՝ երբեմն կը փորձենք մենք մեզի նայիլ, մենք մեզ դիտել՝ լաւապէս ճանչնալու համար:
Մեկնեցաւ յանկարծ մեր մեծ օշականագէտը՝ եթէ նման բառ ունինք մեր բառարաններուն մէջ: Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայ գրականութեան իր նուիրումի եւ զոհաբերութեան զգացումը:
Գուշակ ըլլալու կարիք չկայ:
Հաւատացէ՛ք, հայ գրականութեան պատմութեան մէջ սակաւաթիւ են այն գրողներն ու բանաստեղծները, մտաւորականներն ու հայ գիրի համեստ բոլոր ծառայողները, որոնք իրենց առաջին իսկ ստեղծագործութեամբ, գրասէր շրջանակներուն կը ներկայանան ո՛չ միայն իւրայատուկ աշխարհի մը ծանօթ եւ անծանօթ ոլորտները լոյսին պարզելու արժանիքով, այլեւ՝ հասուն գրիչի մը տէրը եղող ամբողջական կերպարով։
Ահա՛ անոնցմէ մեծագոյն օրինակը՝ Սնապեան Պօղոս:
Իրեն համար մայրենի լեզուի, գիրի ու գրականութեան հանդէպ իր սէրը ոչ թէ սոսկ հայրենասիրութիւն էր, այլեւ՝ ազգային արժանապատուութեան զգացում։ Ահա հո՛ս էր իր մեծութիւնը:
Շատ յաճախ կը լսենք, թէ մեր գրականութիւնը, յատկապէս՝ սփիւռքահայը, կամաց-կամաց կ՛ամայանայ: Գրականութեամբ զբաղողները, որոշ քաջալերանք չգտնելով՝ կը յուսահատին, կը կորսուին կամ կամաւոր՝ հրապարակէն կը հեռանան: Նման վախի ստուեր մը կարծես նշմարելի է ամէն տեղ: Յաճախ կը զգանք, որ ձրի գովասանքի ցեխին մէջ մխրճուած ենք, կամայ թէ ակամայ:
Կ՛ըսենք, որ մենք հարուստ մշակոյթ ժառանգած ժողովուրդ ենք: Միւս կողմէ՝ կը նշմարենք, թէ հայութեան շարքերուն մէջ հայախօսներու թիւը ու անոր զուգահեռ նաեւ հայերէն կարդացողներու եւ գրողներու թիւը կամաց-կամաց կը նօսրանայ, կը ցամքի կամ ցամքելու վրայ է արդէն:
Բայց, միշտ կը յիշենք եւ պիտի յիշենք զինք, Սնապեան խմբագիրը՝ իր գրասենեակին մէջ, իր այդ խառն թուղթերով, թերթերով լեցուն գրասեղանին առջեւ, գրական նոր յաւելում մը արձանագրողի իր կերպարով: Եւ ի տես այս տեսարանին, մեր պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ, հայ ըլլալու եւ հայ մնալու խանդավառութեամբ մեր սիրտերը հպարտութեամբ պիտի լեցուին ու կենսատու աւիշ պիտի ստանան:
Կրկնութեան գնով կարելի է շեշտել, թէ վաստակաշատ արձակագիր, հրապարակագիր, մտաւորական Սնապեանը հայ գրականութեան անդաստանը հարստացուց յատկապէս իր վաւերական գրիչի ներկայութեամբ՝ միշտ ջատագովը հանդիսանալով հայ պայքարին եւ իր ժողովուրդի բոլոր խաւերու հայրենասիրական ոգիին, իր ժամանակակից քրտինքով, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ վկայութիւնը իր տարած աշխատանքին:
Վկայ՝ «Բագին»ը եւ մեր Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան անդաստանը: Ի՛նքն էր, որ սփիւռքեան գրական կեանքէն ներս յայտնուող նոր խոստումներուն ու տաղանդներուն վրայ գուրգուրաց եւ զանոնք առաջնորդեց, խմորեց ու իր անմիջական հոգածութեան առարկան դարձուց: Իրեն կը պարտինք այս մտածումի յաղթանակը:
Մեզմէ յաւետ իր բացակայութիւնը մեզի կը բերէ այն թելադրանքը, որ՝ հայ գիրին անսակարկ ծառայելու իր վաստակը բոլորիս համար դառնայ օրինակելի եւ ներշնչում գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար: Իրապէ՛ս պատասխանատու գործ: Թող միշտ լոյս իջնէ իր շիրիմին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.