ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի մամլոյ ակումբի հիմնադրութեան 19ամեակին առիթով 18 Յուլիսին մամլոյ տարեկան մրցանակաբաշխութիւն կայացած է: Լուսանկարչուհի Նազիկ Արմենակեան հայ լրագրողական լուսանկարչութիւնը նիւթերով եւ պատկերներով հարստացնելուն համար արժանացած է ԵՄԱՅ հիմնադիր անդամ, լրարգող–լուսանկարիչ Ռուբէն Մանգասարեանի անուան մրցանակին: epress.am Անկախ լրագրողներու ցանցի խմբագիր Եուրի Մանուէլեանը եւ նկարիչ Տիգրան Խաչատրեանը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններու լուսաբանման համար արժանացած են Երեւանի մամլոյ ակումբի մրցանակին: Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Հայադարան» հաղորդաշարի «Թատրոն 32» ստեղծագործական խումբը նոյնպէս արժանացած է Երեւանի մամլոյ ակումբի մրցանակին՝ «Հայ գրական ժառանգութեան հանդէպ չյոգնած եւ չյոգնեցնող մօտեցման համար»:
ԵՄԱՅ մրցանակը սահմանուած է 1998էն եւ կը տրուի Հայաստանի լաւագոյն լրագրողներուն, լրատուամիջոցներուն եւ մետիայի կազմակերպութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.