
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոմիութեան 200 հազար եուրոյի ֆինանսաւորմամբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ընթացք առած է «Աջակցութիւն Հայաստան–Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին» ծրագիրը, զոր պիտի իրականացնեն երկու երկիրներու 8 կազմակերպութիւններ:
18 ամիսներու ընթացքին կեանքի պիտի կոչուին աւելի քան տասնեակ մը տնտեսական, մշակութային կրթական ծրագիրներ, որոնք, ըստ կազմակերպիչներուն, պիտի նպաստեն երկու երկիրներու հասարակութիւններուն միջեւ կապերու աշխուժացման:
«Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի» տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեան, որ ներգրաւուած է այս ծրագիրին մէջ, նշած է, որ հասարակական ձեւաչափերուն մէջ մերձեցման միտող գործունէութիւնը բաւական յաջող կ՛ընթանայ, ինչ որ կարելի չէ ըսել երկու երկիրներու պաշտօնական կապերուն մասին: Ըստ անոր՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, սահմանի բացման ամբողջ պատասխանատուութիւնը դրուած է Թուրքիոյ վրայ: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ փոփոխութիւններ չ՛ակնկալեր Թուրքիոյ մէջ կայանալիք յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններէն:
«Եթէ վարչապետ Էրտողան իսկապէս նախագահ պիտի դառնայ, յստակ չէ, թէ ինչ տեսակ Թուրքիա պիտի ունենանք՝ իբրեւ դրացի: Թուրքիա գացած էի նախորդ Ապրիլ–Մայիսին եւ կրնամ, որ վստահութիւն չունիմ, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ սկսած է քաղաքական թատրոն եւ դժբախտաբար իրենց կողմէ առանց լուրջ կամ իրական քայլի: Չեմ հաւատար, որ մեծ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին շուտով», յայտնած է Կիրակոսեան:
Որեւէ փոփոխութիւն չի տեսներ եւ չ՛ակնկալեր նաեւ Եւրասիա համագործակցութեան հիմնադրամի տնօրէն Գէորգ Տէր Գաբրիէլեանը՝ հաշուի առնելով ներկայիս տեղի ունեցող տարածաշրջանային իրադարձութիւնները: Անոր համաձայն՝ միայն Հայաստանը ոչինչ կրնայ ընել գործընթացի կարգաւորման համար:
«Հիմա, հաշուի առնելով վիճակը Ուքրանիոյ մէջ, Ռուսիան այնքան զբաղած է, որ այս տարածաշրջանին մէջ ժամանակ պիտի չունենայ առանձնապէս շատ բան ընելու, ուրեմն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ալ պիտի չմիջամտէ, այսպիսով այդ յարաբերութիւնները պիտի մնան ինչպէս որ են», նշած է Գէորգ Տէր Գաբրիէլեան:
Պուրճու Պերճեմեն եկած է Թուրքիայէն եւ կը ներկայացնէ Հրանդ Տինքի հիմնարկը: Ան նշած է, որ հակառակ հասարակութիւններուն վերաբերող ծրագիրներուն, երկու երկիրներուն մէջ ալ տեղեկատուութեան եւ աշխուժութեան պակաս կայ: Ըստ Պերճեմենի՝ հասարակութիւնները, մինչդեռ, կրնան ազդել կարգաւորման գործընթացին վրայ:
«Կարեւոր է երկու երկիրներու բնակիչներուն, քաղաքացիական հասարակութիւններուն միջեւ կապ ստեղծելը եւ ճնշում գործադրելը կառավարութիւններուն վրայ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններու եւ մեծ քաղաքներու բնակիչները պէտք է մէկ ձայնով կարենան արտայայտել իրենց պահանջը՝ բացել սահմանները եւ պաշտօնական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղիներ գտնել», ընդգծած է Պերճեմեն: