
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Բեմադրիչ Սուրէն Բաբայեանի «Փուշը» ժապաւէնը ներառուած է «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի միջազգային փառատօնի «Հայկական համայնապատկեր. խաղարկային» անուանակարգին մէջ: Ժապաւէնը հիմնուած է Լեւոն Խեչոյեանի պատմուածքին հիման վրայ:
Ժապաւէնին նիւթը հետեւեալն է. թշնամիի դիրքերէն արձակած փամփուշտը մահացու կերպով կը վիրաւորէ զինուոր մը, որ խաղաղ պայմաններու մէջ նշանաւոր գրող էր: Ընդամէնը տասնհինգ վայրկեան կը բաժնէ անոր երկնային կեանքը երկրայինէն: Այդ տասնհինգ վայրկեաններուն ընթացքին իրարու ետեւէ անոր քով կու գան հրեշտակ-այլ մոլորակայիններ, որոնք կը փորձեն խորհուրդներ տալ, օգնութիւն ցուցաբերել: Անոր՝ հետզհետէ խամրող գիտակցութեան մէջ, իրարու կը յաջորդեն անցեալի, ներկայի եւ ապագայի տարօրինակ տեսիլքները, եւ տասնհինգ վայրկեան ետք Փուշը (այդպէս կը կոչուի հերոսը) կը մահանայ կրակոցէն։
Ժապաւէնի գլխաւոր դերակատարը Ժան Փիեռ Նշանեանն է: Ան հաստատած է, որ թէեւ իրեն համար «կեանքում հեշտ ոչինչ չկայ, բայց Բաբայեանի հետ աշխատելն, իրօք, հեշտ է ստացուել»:
«Սուրէն Բաբայեանի հետ աշխատելիս կարծես հոգեվարքի մէջ լինես: Սուրէնն իմ ընկերն է, մենք կէս բառից էլ հասկանում ենք՝ ինչ ենք ուզում ստանալ: Լուրջ ասելիքով գործը հնարաւոր չէ հեշտ ներկայացնել», յայտնած է Նշանեան:
Նշենք, որ Բաբայեան կը պատրաստէ նոր ժապաւէն՝ եռագրութիւն, որուն բեմագրութիւնը կրկին Խեչոյեանի գործերուն հիման վրայ պիտի ըլլայ։