ՊԱՔՈՒ.- Քարվաճառի մէջ ներթափանցման փորձ կատարած պահուն գերի ինկած ատրպէյճանցիները կրնան հերոսացուիլ՝ յանցագործ Ռամիլ Սաֆարովի օրինակով:
23 Յուլիսին Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով յայտարարած է, որ Քարվաճառի մէջ գերի ինկած ատրպէյճանցիները իսկական հայրենասէրներ են եւ հերոսներ:
«Այդ մարդիկը օրինակ են մեր երիտասարդութեան համար, մենք մեր երիտասարդութիւնը կը նախապատրաստենք մեր տարածքներու ազատագրութեան», ըսած է ան Աղդամի ազատագրութեան կամ ինչպէս ատրպէյճանցիները կը կոչեն՝ «բռնագրաւման» 21ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին: Ատրպէյճանի փոխվարչապետը նաեւ յայտնած է, որ ատրպէյճանական կառավարութիւնը յատուկ յայտարարութիւն պիտի հրապարակէ ատրպէյճանցի ներթափանցող Հասան Հասանովի սպանութեան առնչութեամբ։
Իր կարգին Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխինը՝ ի պատասխան ատրպէյճանցի պատգամաւորներուն հարցումներուն, հերքած է նախապէս տարածուած այն լուրը, թէ ներթափանցման փորձ կատարողներէն մէկը՝ Տիլհամ Ասքերովը, Ռուսիոյ քաղաքացի է: «Քարվաճառի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին իբրեւ հետեւանք ձերբակալուածներուն մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներ չկան», յայտնած է Վ. Տորոխինը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.