
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ան գիտէր, թէ տակաւին կանուխ էր իր երգերու ձայնագրութիւններուն համար: «Եղբա՜յր», կ՛ըսէր, «ասոնք չեն հասկնար, թէ երգիչի մը ձայնը հասուն եւ հաստատուն կը դառնայ 35 տարիքէն ետք»: Բայց չէր գիտեր, թէ պիտի չհասնէր եւ «չտեսնէր» այդ տարիքը:
Տակաւին նորելուկ աստղ երգարուեստի ասպարէզին մէջ, խիստ խոնարհ՝ գիտակից էր իր կարողութիւններուն, աստուածատուր եւ իւրայատուկ տաղանդին, որոնք կը ցոլային իր գեղադէմ արտաքինէն եւ հոգիին ընդմէջէն:
Գէորգ Կակոսեանի կեանքը ունեցաւ 27 գարուններ միայն, շուտով խամրելու համար դաժան եւ առեղծուածային մահով, որուն արժանի չէր ան, իսկ պատճա՞ռը, կրկին առեղծուածային եւ աններելի:
Գէորգ Կակոսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1942ի Յունիս 9ին, եւ մահացած Գահիրէ, Եգիպտոս, 1969ի Նոյեմբեր 25ին, հիւանդանոցի մահիճին մէջ, որ դարձաւ իր մահուան անիծեալ մահիճը, հէգ երիտասարդէն խլելու համար իր վերջին շունչը, վերջին երգը՝ «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»ը շրթներուն վրայ սառեցնելու համար:
Անհաւատալի էր պատահարը, կ՛ըսէին մէկ օր առաջ իր համերգին ներկայ գտնուած ունկնդիրները: Ըստ բժիշկներու յայտարարութեան՝ եւ ուշ իմանալնուն հետեւանքով անոր անհանգստութեան պատճառը եւ դարմանումի անկարելիութիւնը, որ յայտնաբերուեցաւ դիազննութեան հետեւանքով, անկարողութեան մատնած էին բժիշկները: Բայց արդէն ուշ էր. հայ երաժշտութեան նորագոյն եւ հազուագիւտ աստղերէն մին կը խամրէր տակաւին վերելքի ճանապարհին, «Կոմիտասի 100ամեակը» առանց կարենալ յիշատակելու իր պատրաստած համերգով:
Պէյրութի Պետական երաժշտանոցի դասընթացքները բաւարար չէին երիտասարդ արուեստագէտին երաժշտական կիրքերուն գոհացում տալու համար: Ան շարունակեց իր ուսումը Իտալիոյ մէջ, իր ինքնատիպ եւ գեղեցիկ բամբ (պաս) ձայնի արտակարգ կարողութեան շնորհիւ, հասնելու համար հեռաւոր հորիզոններ, ուր հասած են միայն հազուագիւտները, իր նման, ուսանելով եւ տիրապետելով միջազգային երաժշտութեան: Ազգային ոգին սակայն կը տիրապետէր իր հոգիին մէջ:
Գէորգ Կակոսեան այնուհետեւ կը հետեւէր իր արուեստի կատարելագործման, պատրաստակամ նուիրուելով հայ եւ օտար երգի ներկայացման, հայ եւ օտար բեմերու վրայ:
Իր երգահանդէսները կը տարբերէին այլ երգիչներու ելոյթներէն: Գէորգին ելոյթները ընդհանրապէս նուիրուած էին ազգային երեւոյթներու քաջալերման, առանց նիւթականի հետա-պնդման: Ան խորապէս գիտակից, համեստ եւ խոնարհ իր վաւերական կարողութիւններուն, նման չէր այլ երգիչներու, որոնք արուեստի բարձունքներ չնուաճած՝ արդէն կը մոլորին իրենց հպարտութեան եւ յոխորտանքին մէջ:
Ուսուցիչները զինք կոչած էին «խոստմնալից տաղանդը», որ «տուաւ այն, ինչ իրմէ կը պահանջուէր»:
Գէորգ Կակոսեան Պատուոյ կոչումով կը վերադառնայ Պէյրութ, հաստատելու համար, թէ ան արդէն տիրապետած էր երգարուեստի կատարողական եւ մեկնաբանական արուեստին:
Այնուհետեւ, իր կեանքի արուեստի սեմին, ան ելոյթներ կը սկսի ունենալու Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ հայրենիքի մէջ, գրաւելով եւ հմայելով հանդիսասրահի ունկնդիրները իր քնքոյշ, թաւ ձայնով:
Կ՛ըսէին, թէ ան Նար Յովհաննիսեանի յաջորդն էր հայ երաժշտական ասպարէզին մէջ, սակայն հազար ափսոս, Գէորգին աստղը ասուպի նման շատ շտապ մեկնեցաւ հայ երաժշտութեան հորիզոնէն, սուգի մէջ թողնելով հարազատները, երկրպագուները եւ համայն հայ ազգը:
Գահիրէի, Պէյրութի, Հալէպի հայ գաղութները եւ հայրենիքի ժողովուրդը ափսոսանքով սգաց անոր վաղաժամ մահը: Սգացին նաեւ իր օտար ուսուցիչներն ու դասընկերները, Լիբանանի, Իտալիոյ, Անգլիոյ եւ Ճափոնի մէջ: Ճափոնի իր ընկերը՝ Թաքաօ Օքամուրան, անոր յիշատակին երգահանդէս տալով Լիբանանի մէջ, վերջին երգը, «Ես Լսեցի Մի Անոյշ Ձայն», հայերէն լեզուով, կը նուիրէր Գէորգի յիշատակին:
Անժամանակ կորուստը արուեստի պատուանդանէն պոկեց Գէորգը, սակայն անոր անունը անմար պիտի մնայ հայ երգարուեստի պատմութեան մէջ, որպէս հզօր բամբ (պաս) երգիչ:
Յիշատակդ անթառամ, Գէորգ Կակոսեան: