
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Թէեւ Ռուսիոյ անդրկովկասեան քաղաքականութեան նկատմամբ վերապահ եւ մտահոգ դիրքորոշումներ պարբերաբար հրապարակուած են հայ քաղաքական միտքի տարբեր շրջանակներուն կողմէ, այսուհանդերձ՝ Հայաստանի կառավարական իշխանութիւնը հետեւողական ճիգ թափած է հանգստացնելու մեր հանրային կարծիքը, թէ Ռուսիայէն մտահոգուելու պատճառներ չկան…
Յատկապէս նախագահ Սերժ Սարգսեան շարունակ՝ եւ յատուկ շեշտադրումով, գոհունակութեամբ արտայայտուած է Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական գործընկերութեան յարաճուն ամրապնդման, խորացման եւ աւելիով զարգացման հեռանկարներուն մասին։ Այն աստիճան, որ ՀՀ գործող նախագահը գրեթէ ինքնագլուխ որոշեց ստորագրել նորելուկ Եւրասիական Տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մաքսային պայմանագիրը՝ անտեսելով նման ազգային-ռազմավարական բախտորոշ քայլի մը համար հանրաքուէի դիմելու եւ սեփական ժողովուրդին կարծիքը առնելու անհրաժեշտութիւնը։
Երբ նոյնքան եւ երբեմն ալ շատ աւելի հիմնական քայլերու պարագային պր. Սերժ Սարգսեան վարքագիծի վերածած է այսպէս՝ ինքնագլուխ եւ կամակոր որոշումներով գործելու ոճը, բնականաբար դժուար է ակնկալել, որ մեր ժողովուրդին վերապահութիւնները եւ դժգոհութիւնները նկատի առնուին այսօրինակ իշխանութեան մը կողմէ։
Կարիքը չկայ յիշեցնելու, մանաւանդ որ տակաւին թարմ է յիշողութեանց մէջ, թէ նախագահ Սարգսեան ինչպիսի «ջերմեռանդութեամբ» փարած կը մնար Թուրքիոյ նկատմամբ իր յայտնագործած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» եւ կը պնդէր, որ տխրահռչակ Փրոթոքոլի ստորագրութեան համար Թուրքիա որեւէ նախապայման դրած չէ Հայաստանի առջեւ…
Ամէն պարագայի, հարցը հիմա երեւութապէս կապ չունի Թուրքիոյ հետ եւ կը վերաբերի Ռուսիոյ։
Հայաստանի եւ հայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնը կը վերաբերի նախագահ Փութինի ղեկավարած Ռուսիոյ, որ թեւակոխած է մեծապետական ուժի իր դիրքերը ամրապնդելու նոր փուլ մը, ուր իրեն հետ քաշելով կը տանի ի միջի այլոց նաեւ Հայաստանը, հայ ժողովուրդի շահերուն ծառայէ ատիկա թէ ոչ։
Ծանրակշիռը այն է, որ Հայաստանի պետական ղեկին հաստատուած այսօրուան իշխանաւոր ուժը, ինչպէս էր պարագան, արդար ըլլալու համար, նաեւ նախորդ իշխանաւորներուն, խորապէս պարտական կը զգայ Ռուսիոյ, որ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէն 23 տարի ետք ալ տակաւին իր վճռորոշ խօսքը ունի Հայաստանի պետութեան ղեկին «արժանի» իշխանաւորը ճշդելու հարցին մէջ։
Եւ Ռուսիան ամէնէն լաւ կը գնահատէ Հայաստանի շահերը եւ գիտէ ընտրել բուն «արժանաւոր»ը։
Այո, ինչպէ՜ս պարտական չզգայ, երբ Ռուսիոյ օրհնութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է ու կը պահպանուի իշխանութեան վերարտադրման… օրինաչափութիւնը։
Անիմաստ է մեղադրել Ռուսիան, որ այս կամ այն ձեւով իր նախասիրած իշխանաւորը «կը պատուիրէ» հայ ժողովուրդին։
Այդպէ՛ս է աշխարհը տակաւին կառավարող «անտառի օրէնք»ը։
Մեծապետական աշխարհի հիմնական խաղականոններուն մաս կը կազմէ, այդ առումով, ուժեղներուն կողմէ տկարներուն սեփական նախասիրութեանց ի նպաստ ճնշումներ բանեցնելու քաղաքականութիւնը։
Իսկ Հայաստանի պարագային պէտք չէ մոռնալ, որ մեր երկիրը կը գտնուի Ռուսիոյ մեծապետական ազդեցութեան գօտիին մէջ եւ, հետեւաբար, տարբեր խաղականոն չի կրնար գործել։
Չենք մոռնար, եւ վերջին երկու հարիւր տարուան մեր պատմութեան դառն դասերէն մէկն է, որ հայութիւնն ու Հայաստանը միշտ պէտք է հաշուի առնեն Ռուսիոյ շահերն ու նախասիրութիւնները, եթէ չեն ուզեր յայտնուիլ առնուազն «պատժուած աշակերտ»ի կացութեան մէջ։
Բայց Ռուսիոյ նկատմամբ հայ քաղաքական միտքի դրսեւորած պաշտօնական թէ անպաշտօն դիրքորոշումներուն այսօրուան քննարկման կիզակէտը, վերջին հաշուով, սոսկ մեծապետական այդ խաղականոնին ընդհանուր եւ ինքնանպատակ արժեւորումը չէ։
Հարցը նոյնիսկ Եւրասիական Տնտեսական միութեան «կաթոլիկ ամուսնութեամբ» անդամակցելու պարտադրանքը չէ, որուն տակ այսօր դրուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը ռուս մեծապետական քաղաքականութեան կողմէ։
Մեր օրերու հրատապ խնդիրը Ատրպէյճանը սիրաշահելու ռուս մեծապետական քաղաքականութիւնն է, որուն գինը ստիպուած է վճարելու… Հայաստանը։
Անշուշտ որեւէ լուրջ հիմք չկայ մտածելու, թէ նորութիւն է ի նպաստ Ատրպէյճանի կատարուած ռուսական նման «դիմաշրջում» մը։
Նոյնիսկ իսկական դիմաշրջումի հարց գոյութիւն չունի, որովհետեւ 19րդ դարէն սկսեալ հայ-թաթարական (հայ-ատրպէյճանական) պարբերական ընդհարումներու արիւնալի պատմութեան մէջ միշտ ալ խառն եղած է ռուս մեծապետական քաղաքականութեան մատը՝ «բաժնէ, որ տիրես»ի մաքիաւելականութիւնը։
Նորութիւնը եւ հայ ժողովուրդի կենսական շահերուն սպառնացող վտանգաւոր զարգացումը Ատրպէյճանը մեծ թափով զինելու Ռուսաստանի մեծապետական կամակորութիւնն է։
Նախագահ Փութինի Ռուսիան, նորովի թափով զինելով Ատրպէյճանը, ոչ միայն կը վտանգէ ռազմավարական իր կրտսեր դաշնակիցին՝ Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը, այլեւ Ատրպէյճանը դարպասելու նոյն այդ մեծապետական քաղաքականութեան կը ծառայեցնէ ԵՏՄի անդամակցութեան ուղղութեամբ Հայաստանի պարտադրուող աննպաստ պայմանները։
Այն աստիճան, որ նոյնինքն Հայաստանի նախագահը վերջերս, Արժանթին կատարած իր այցելութեան ժամանակ, պաշտօնապէս դժգոհութիւն արտայայտեց Ատրպէյճանը զինելու Ռուսիոյ քաղաքականութեան նկատմամբ։
Հասկնալիօրէն, ՀՀ նախագահը շատ զուսպ գտնուեցաւ իր դժգոհութեան մէջ՝ բաւարարուելով այն ընդգծումով, թէ «ցաւալի է, որ Ռուսաստանն Ադրբեջանին զէնք է վաճառում»…
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այդ մասնակի դիմաշրջումն անգամ բաւարար եղաւ, որպէսզի Հայաստանի մէջ լսելի դառնան Ռուսիոյ հասցէին հնչող նաեւ սպառնալիքներ, թէ այս պայմաններուն մէջ պաշտօնական Երեւանը կրնայ յայտնուիլ Ռուսաստանի նկատմամբ իր վարած հաւատարիմ գործընկերոջ ռազմավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու հարկադրանքին տակ։
Թէեւ Հայաստանի ընդդիմադրութիւնը այս առումով աւելի համարձակախօս դարձած է եւ Ռուսիոյ նկատմամբ աւելի կտրուկ դիրքորոշումի հակամէտ է, այդուհանդերձ՝ ինչպէս որ ընդդիմադիր Հայ Ազգային Կոնգրեսի խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւորներէն Լուդմիլա Սարգսեան դիտել կու տար «Առաջին Լրատուական»ին, Հայաստանի նախագահին յաւուր պատշաճի դժգոհութիւնն անգամ յղի է… հորիզոնը մթագնող անախորժ զարգացումներու նախատեսութեամբ.
«… Չի բացառւում, որ նա (Հայաստանի նախագահը) փորձում է ինչ որ կերպ դիմադրել Հայաստանի նկատմամբ Ռուսաստանի վարած քաղաքականութեանը, որը տարւում է Եւրասիական Տնտեսական միութեան անդամակցելու շրջանակներում։ Բայց պիտի ասեմ, որ դա ռուսական քաղաքականութիւն չէ, այլ գործընկեր միւս երկրների փոքր շահագրգռուածութիւնն է Հայաստանի անդամակցութեան հարցում, որը նաեւ պարտադրւում է Ռուսաստանին։ Ամէն մէկը փորձում է իր դիրքերն ամրացնել այդ միութեան մէջ։ Եւ եթէ յիշում էք, ՀՀն ցանկութիւն ունէր դեռ Մայիսին ԵՏՄ հիմնադիրների կազմի մէջ մտնել, բայց նրան չվերցրեցին։ Այստեղ խնդիրը ոչ թէ Հայաստանի, այլ ՀՀ իշխանութիւնների մէջ էր, ովքեր չգիտեն գործընկեր երկրների հետ փոխյարաբերութիւնների ժամանակ պահել իրենց դիրքերը։ Իսկ հիմա ինչ էլ ուզում է յայտարարի՝ ուշացած է, բայց կարող եմ հետեւութիւն անել, որ հաւանաբար Ս. Սարգսեան աշնան հետ կապուած որոշակի ծրագրեր ունի։ Չեմ բացառում, որ կարող է նաեւ հրաժարական ներկայացնել, որովհետեւ կարծես թէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ օղակն այնքան է սեղմւում, որ նա այդ հարցին չի կարող որեւէ լուծում տալ։ Իսկ այդ դէպքում մնում է միայն հրաժարական տալը…»։
Տարակոյս պէտք չէ ունենալ, որ տիկին Լ. Սարգսեանի ենթադրութեանց ու նախատեսութեանց մէջ զգալի է Յունուար 1998ի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաժարականին բեմագրութեան կրկնութիւնը տեսնելու ցանկութիւնը։
Բայց նաեւ զգալի է իրաւացիութիւնը ՀԱԿի պատգամաւորուհիին այն տեղին քննադատութեան, թէ՝ «ՀՀ իշխանութիւնները… չգիտեն գործընկեր երկրների հետ փոխյարաբերութիւնների ժամանակ պահել իրենց դիրքերը»։
Ամառնային արձակուրդը շատ արագ կ՛անցնի, ընդհանրապէս։
Աշունը այնքան ալ հեռու չէ, եւ երկու ամիսէն որոշակի յստակութիւն կը մտնէ ոչ միայն Ռուսիոյ անդրկովկասեան քաղաքականութեան անախորժ այս զարգացման մէջ, այլեւ նոյնինքն Ռուսիոյ նկատմամբ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերութեան մօտեցումներուն վերաբերեալ։
Մինչ այդ, պարզ աչքով նկատելի է, որ Ռուսիոյ հետ խօսելու լեզուն դժգոհութիւնը չէ, որքան ալ դիւանագիտականօրէն մեղմ եւ պատշաճ տարազումով արտայայտուի այդ։
Մանաւանդ սպառնալիքը, այն ալ յապաղած կարգով, չի կրնար ըլլալ Ռուսիոյ մեծապետական քաղաքականութեան հայավնաս ուղղութիւնը դիմագրաւելու յարմարագոյն եղանակը։
Մեծապետական աշխարհը կը հասկնայ միայն շահերու ձեռքբերման եւ պահպանման լեզուն, իսկ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործընկերութեան պարագային, յատկապէս, երբ ռազմավարական շահերու մասին է խօսքը, Հայաստանի պետական ղեկավարութիւնը սեփական ոտքերուն վրայ կանգնելու կամք եւ ուժ պէտք է դրսեւորէ, մանաւանդ իշխանութեան վրայ մնալու համար Ռուսիոյ պարտական պէտք չէ ըլլայ, որպէսզի լիարժէք խօսակիցի եւ գործընկերոջ դիրքերէն ներկայանայ եւ համապատասխան յարգանք ապահովէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ։