ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 31 Յուլիսին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան նորանշանակ յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Սալպըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Շնորհաւորելով Սալպըրը՝ իր նոր պաշտօնին համար, նախարար Օհանեան յոյս յայտնած է, որ Եւրամիութեան ներկայացուցիչին առաքելութիւնը կը նպաստէ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչութեամբ կարծիքներու փոխանակման ընթացքին Սէյրան Օհանեան ներկայացուցած է շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը՝ Եւրոմիութեան պատուիրակի ուշադրութիւնը հրաւիրելով հակամարտող կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու իրականացման եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը սպառազինութիւններու վերահսկման խնդիրներուն սեւեռելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Հերպըրթ Սալպըր իր կարգին նշած է, որ Եւրամիութիւնը լիովին կ՛ընդունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաջատար դերը, սակայն պատրաստակամ է իր ուժերու ներածին չափ ներդրում կատարել խաղաղ կարգաւորման հասնելու գործին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.