ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Այգեձոր գիւղին մէջ 30 Յուլիսի գիշերը հակառակորդին գնդակէն վիրաւորուած է շրջանի բնակիչ, 1965ի ծնունդ Վալերի Ճաղարեանը, որ վիրաւորուած է ուսէն: Ան անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, վիճակը կայուն է։
Այգեձորի մէջ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ Վալերի Ճաղարեանը վիրաւորուած է ատրպէյճանական ներթափանցման փորձ կատարողներուն կողմէ: Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ պատասխանատու Արծրուն Յովհաննիսեանը «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքած է այդ տարաձայնութիւնը։
Նշենք, որ վերջին օրերուն հակառակորդը սաստկացուցած է հայկական գիւղերու ռմբակոծումը, յատկապէս այգիներու ու արօտավայրերու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.