ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին յիշեցուցած է զինադադարի ամրապնդման առնչութեամբ նախապէս ներկայացուցած իր առաջարկը։
Աւելի կանուխ հաղորդուած էր, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած էր, որ անհանգիստ է զինադադարի խախտման դէպքերուն յաճախակիութեան պատճառով։
Այդ առնչութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ միջնորդին՝ զինադադարի դրութեան ամրապնդման աջակցելու նպատակով նախապէս ներկայացուած առաջարկները։
2001 թուականէն սկսեալ՝ տարբեր առիթներով եւ տարիներու, Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը զինադադարի ամրապնդման զանազան առաջարկներ ներկայացուցած էր՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ ու անոնց աջակցութեամբ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ընդունելի եղած է ատրպէյճանական կողմին համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.