
1 Օգոստոսին Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 2րդ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու հանդիսաւոր բացումը՝ նուիրուած Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, խմբավար Յովհաննէս Չէքիջեանի 85ամեակին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Պոլսոյ 85ամեայ «Լուսաւորիչ Դպրաց դաս» երգչախումբը: Ապա յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Վրաստանէն «Մակար Եկմալեան», «Ներսէս Շնորհալի», «Աղբիւր», Իրանէն «Զուարթնոց», «Արարատ», Միացեալ Նահանգներէն «Կոմիտաս», Եգիպտոսէն «Արցախ», Սուրիայէն «Ովսաննա», Ռուսիայէն «Ովսաննա», «Նորահրաշ», «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորի»չ եւ Արցախի պետական երգչախումբերը:
Սփիւռքէն եկած երգչախումբերու կատարումներէն ետք հանդիսատեսը առիթ ունեցաւ դիտելու Յովհաննէս Չէքիջեանի կեանքն եւ գործունէութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ, ապա անոր ղեկավարած Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ:
Հանդիսութեան աւարտին աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայրենիք ժամանած երգչախումբերը եւ Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբը Յովհաննէս Չէքիջեանի խմբավարութեամբ կատարեցին Լեւոն Բլբուլեանի խօսքերով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած «Կանք ու կը լինենք» երգը՝ երաժշտութիւնը Արա Գէորգեանի:
Հանդիսատեսին շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսք ուղղեց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը՝ նշելով. «Չէքիջեանն աշխարհասփիւռ հայութեան այս հրաշալի խմբերը միաւորելով կապելլային՝ մշակութային ռումբ պայթեցրեց, որ պէտք է տարածուի ամբողջ Սփիւռքում եւ երկար տարիներ ապրի իւրաքանչիւր հայի սրտում»:
Երգարուեստի օրերու հանդիսաւոր բացումը աւարտեցաւ լեփ-լեցուն դահլիճի յոտնկայս ծափողջոյններով:
«Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գլխաւոր հովանաւորն է «Օրանժ Արմէնիա» ընկերութիւնը, փառատօնի հովանաւորն է «Տաշիր գրուպ» ընկերութիւնը, փառատօնին տեղեկատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն «Հայաստանի հանրային», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ընկերութիւնները եւ Հայաստանի հանրային ռատիօն:
Երգչախումբերը համերգներով հանդէս պիտի գան Երեւանի, Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ: