ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը 1 Օգոստոսին 6րդ անգամն ըլլալով աճուրդի դրուեցաւ։
Համալիրը, ըստ օրէնքի, վաճառքի հանուած է նախորդ աճուրդի գինէն 10 տոկոս զեղչով՝ 11 միլիառ 425 միլիոն 981.5 դրամով: Աճուրդը պիտի աւարտի 11 Օգոստոսին։
Նշենք, որ համալիրը առաջին անգամ աճուրդի դրուած էր 19 Մայիսին՝ 19 միլիառ 350 միլիոն դրամով, սակայն գնորդի բացակայութեան պատճառով անիկա 5 յաջորդական անգամներ եւս աճուրդի դրուեցաւ, իւրաքանչիւր անգամ նուազ գինով, սակայն կրկին գնող չկար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.