ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Այս բարձրաստիճան պաշտօնեան նախորդ շաբաթ ելոյթի մը ընթացքին թուրք կիներուն քարոզած է բարոյականութեան իր այլանդակուած տարբերակը՝ կոչ ուղղելով անոնց չծիծաղելու հրապարակաւ… Արընչ զգուշացուցած է. «Կինը պէտք է գիտնայ, թէ ինչը «հարամ» է (արգիլուած) եւ ինչը ոչ «հարամ»: Ան բարձր ձայնով պէտք չէ ծիծաղի հանրութեան մէջ: Կինը ինքզինք զուսպ պէտք է պահէ, ուշադրութիւն չգրաւէ եւ պահպանէ իր կուսութիւնը»:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համահիմնադիր Արընչ շարունակած է իր մոլեռանդ քարոզները՝ ըսելով. «Ո՞ւր են մեր աղջիկները, որոնք թեթեւակի կը շիկնին, կը կախեն իրենց գլուխները եւ կը թեքեն հայեացքները, երբ մենք կը նայինք անոնց դէմքին՝ դառնալով ողջախոհութեան խորհրդանիշ»: Ան ծաղրած է կիները՝ բջիջային հեռախօսով կերակուր եփելու եւ այլ «դատարկ բաներ»ու մասին շաղակրատելու համար: Նմանակելով կանացի ձայնը, ան ծվծվացած է. «Ի՞նչ պատահած է Այշայի աղջկան: Ե՞րբ է հարսանիքը»: Արընչ կիներուն խորհուրդ տուած է նման անկարեւոր հարցերու շուրջ խօսիլ «դէմ առ դէմ» եւ ոչ թէ հեռաձայնով…
Փոխվարչապետին նուաստացուցիչ ելոյթը տարածուած է կայծակնային արագութեամբ: Ի հեճուկս անոր՝ տասնեակ հազարաւոր թուրք կիներ ընկերային ցանցերու վրայ («Թուիթըր», «Ֆէյսպուք» եւ «Ինսթակրամ») տեղադրած են իրենց քրքջացող դէմքերով ինքնանկարները: Իրենց ծիծաղը դադրեցնելու փոխարէն՝ կիները ծիծաղած են… փոխվարչապետին վրայ:
Արընչի արտառոց արտայայտութիւններուն արձագանգած են բազմաթիւ միջազգային լրատուամիջոցներ, ինչպէս՝ «Հիւրիյէ»չը, «Կարտիըն»ը, «Էյ.Պի.Սի. Նիւզ»ը, «Տէյլի Սթար»ը, «Նեշընըլ Փոս»չը, «Ուաշինկթըն Փոս»չը, «Թայմ» ամսագիրը, «Նիւզուիք»ը, «Տը Օսթրելիըն»ը եւ հարիւրաւոր թերթեր, ամսագիրներ, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններ, «պլ-ակ»ներ ու կայքեր: Մէկ խօսքով, Թուրքիոյ փոխվարչապետը ծաղրուծանակի առարկայ դարձած է ամբողջ աշխարհին…
Յաջորդ օրը, կիները վարկաբեկող իր ելոյթին համար ներողութիւն խնդրելու փոխարէն, Արընչ ա՛լ աւելի վատթարացուցած է իրավիճակը՝ պնդելով, որ իր խօսքերուն տէրն է եւ յարձակում գործած է զինք քննադատողներուն վրայ: Ան զարմացած է, թէ ինչու բոլորը իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են իր մէկուկէս ժամ տեւած ելոյթին միայն այդ փոքր հատուածին վրայ:
Այնուհետեւ ան սկսած է ծաղրելու յայտնի կիներ. «Կան դերասանուհիներ, որոնք կեղծ կը ծիծաղին եւ իրենց լուսանկարները կ՛ուղարկեն ինծի: Իսկական ծիծաղը կը թեթեւցնէ մարդը, սակայն անոնց ծիծաղը շինծու է: Դուք բոլորդ ալ ունեցած էք ձեր հռչակաւոր ըլլալու օրերը, սակայն այժմ, երբ այդ հանգրուանը անցած է, կը փորձէք ուշադրութիւն գրաւել ալքոհոլի եւ նման կեղծ քրքիջներու միջոցով: Թէեւ ըլլալով ամուսնացած եւ զաւակներու տէր՝ կիներ իրենց արձակուրդը կ՛անցընեն տղոց հետ՝ լքելով ամուսինները եւ երբեք առիթը չեն փախցներ մերկ պարելու»:
Ասիկա առաջին դէպքը չէ, երբ թուրք պաշտօնեաները աչքի կը զարնեն նման յիմար յայտարարութիւններով: Նախապէս Արընչ յայտարարած էր, որ բռնաբարութեան զոհը երեւի թէ «փափաքած է ատիկա»: Ան նաեւ ըսած է, որ ընդունելի է, երբ ծնողները հաւանութիւն կու տան, որ իրենց 15ամեայ դուստրը ամուսնանայ 45ամեայ տղամարդու հետ: Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեք, դատապարտելով արհեստական վիժումները, անամօթաբար յայտարարած է. «Ինչո՞ւ պէտք է փոքրիկը մահանայ, եթէ անոր մայրը բռնաբարած են: Անոր փոխարէն՝ պէտք է մայրը մեռնի»: Իսկ անտառամշակութեան տնտեսութեան նախարարը ըսած է աշխատանք փնտռող կիներուն. «Միթէ տնային աշխատանքը բաւարար չէ՞ ձեզի համար»: Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախկին նախարար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ Էկեմեն Պաղըշ, որ յաճախ անհեթեթ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, ըսած է. «Այն, ինչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, չի կրնար նկատուիլ ցեղասպանութիւն, որքան ինծի յայտնի է, սակայն ես այնտեղ չեմ եղած 1915ին»:
Կիներու քրքիջին համար անհանգստանալու փոխարէն՝ փոխվարչապետ Արընչ եւ վարչապետ Էրտողան պէտք է աւելի մտահոգուին իրենց կառավարութեան գահավիժումով դէպի բռնապետական կառավարում՝ լրագրողները բանտարկելու, քրիստոնեայ քահանաները սպաննելու, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ոտնահարելու, ճիհատականներուն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ աջակցելու, ինչպէս նաեւ կաշառակերութեամբ, թալանով ու դրամաշորթութեամբ զբաղած ըլլալու պատճառով: Այս է իսկական անբարոյականութիւնը, զոր Արընչ պէտք է դատապարտէ:
Պահպանողական թուրք պաշտօնատարը, կիներուն համար ամբողջատիրական բարոյականութիւն քարոզելով, կը խրախուսէ իսլամական ընտրողները՝ աջակցելու վարչապետ Էրտողանին, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Օգոստոս 10ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Արընչի քարէդարեայ ռազմավարութիւնը հակառակ արդիւնքը տուաւ, որովհետեւ Թուրքիոյ խիստ պառակտուած հասարակութեան գրեթէ կէսը ինքզինք չի համարեր իսլամական եւ վիրաւորուած է անոր արտայայտութիւններէն: Նախագահական ընտրութիւններուն Էրտողանի հակառակորդ Էքմելէտտին Իհսանօղլու խիստ քննադատած է Արընչի յայտարարութիւնը՝ ըսելով, որ «ամէնէն աւելի մեր երկրին անհրաժեշտ է, որ կիները ժպտան եւ լսուի անոնց ծիծաղին ձայնը…»։
Էրտողանին կառավարութիւնը արագ թափով իշխանութեան գալէ ետք դաժան քաղաքականութիւն վարած է երկրին մէջ եւ դուրսը՝ յառաջ բերելով Թուրքիոյ միջազգային դատապարտումը: Իբրեւ յաջորդ հաւանական նախագահ՝ Էրտողան եւ անոր շրջապատը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակեն վարկաբեկել Թուրքիոյ միջազգային հեղինակութիւնը՝ զայն վերածելով խայտառակուած պետութեան: Նախագահական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիոյ իսլամական կիներ միայն թաքուն պիտի ծիծաղին, իսկ աշխարհիկ կիները հանրութեան առջեւ ծիծաղելով վտանգի պիտի ենթարկեն իրենք զիրենք՝ ստանալու մտրակի 100 հարուած…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը