
ՀԱՐԻՐԻ 15 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԱՐՍԱԼԻՆ
ՊԷՅՐՈՒԹ, »Ազդակ«.- Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Երկուշաբթի, Օգոստոս 11ին կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինչքան ալ սուղ ըլլայ գինը, Լիբանան պատրաստ է ազատ արձակելու գերեվարուած լիբանանցի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերու անդամները:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը Լիբանանը փրկեց սիւննի-շիի մահացու սադրանքէ մը:
»Եթէ բանակը պարտուէր, ապա զինեալները մուտք պիտի գործէին Աքքար ու ծով հասնելով պիտի յայտարարէին իրենց պետութիւնը, ինչ որ Լիբանանի համար փորձանք պիտի ըլլար«, ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի ընդգծեց, որ Արսալի ճակատամարտին փաստուեցաւ, որ լիբանանեան բանակը հզօր է։ »Բանակին զինուորներուն քաջութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի դիմագիծը չփոխուի, աւելի՛ն, իբրեւ պետութիւն, Լիբանանի գոյութիւնը պահպանու«ջ, աւելցուց ան:
Նշենք, որ բանակը լեռնային Արսալի Խըրպըթ Նուհ շրջանին մէջ Օգոստոս 11ին կատարած էր զինուորական գործողութիւն մը, որուն ընթացքին կրցած էր վերստին ձեռք ձգել զինեալ բախումներուն ընթացքին իրմէ գրաւուած զրահապատ մը:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի երեկոյեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը: Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը հիմնական ազդակ մըն է լուրջ հարցեր լուծելու։ Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Արսալի փորձաքարէն ետք երկիրը կրնայ այլ տագնապներ դիմագրաւել, սակայն Հարիրիի ներկայութեամբ, կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելով եւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, կարելի պիտի ըլլայ դիմադրել այդ հարցերուն:
Իր կարգին, Սաատ Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախքան նախագահական ընտրութիւնը, երեսփոխանական ընտրութիւններ պէտք չէ կատարել, նոյնիսկ եթէ իշխանութիւնները ստիպուին երկարաձգել խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը: Ան նշեց նաեւ, որ իրենք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը շարունակեն երկխօսութիւնն ու խորհրդակցութիւնները՝ հասնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
Նաեւ, Հարիրի պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու, պայմանաւ որ քաղաքական այլ խմբաւորումներ իրենց կարգին փոխադարձեն իր պատրաստակամութեան: Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է նախագահական ընտրութեան թեկնածու չառաջադրելու եւ առիթ տալու, որ քրիստոնեաները որոշեն իրենց թեկնածուն:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Արսալը ներկայացնող ընդարձակ պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ Արսալի դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը բացայայտուած է եւ անհրաժեշտ է պահպանել Արսալն ու անոր բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ արգիլել ապագային անոնց դէմ հասնելիք հաւանական հարուածները:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք 15 միլիոն տոլարի նպաստ մը պիտի տրամադրէ Արսալին, որպէսզի կարելի ըլլայ շինել դպրոցներն ու հիւանդանոցը, ինչպէս նաեւ հոգալ Արսալի կարիքները: